Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Կը Հերքէ, Թէ Ուաշինկթըն Լիբանանին Կոչ Ուղղած Է Միակողմանի Զինադադար Յայտարարելու

November 2, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան հեղինակաւոր քաղաքական աղբիւր մը եւ դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներ Լիբանանին կոչ ուղղեցին` Իսրայէլի հետ վերջնական համաձայնութեան բանակցութիւններու յառաջ մղման համար միակողմանի զինադադար յայտարարելու»:

Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն այս առաջարկը Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին փոխանցած է:

Լիբանանեան աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց. «Ուաշինկթընի Լիբանանէն միակողմանի զինադադար հաստատել ուզելը անտրամաբանական է, եւ զայն ընդունիլը անձնատուութիւն կը նկատուի»:

Աղբիւրը նշեց, որ «Ռոյթըրզ»-ին հաղորդած լուրը ճիշդ չէ:

«Լիբանան համաձայնութեան մանրամասնութիւնները քննարկելէ առաջ զինադադար հաստատելու առաջնահերթութիւնը շեշտեց», ըսած է լիբանանեան աղբիւրը:

Վարչապետի պաշտօնակատարի գրասենեակը աւելի ուշ հերքեց «Ռոյթըրզ»-ի հաղորդած լուրը:

Գրասենեակը պատասխանելով «Ռոյթըրզ»-ի հարցումին յայտնեց. «Երկու կողմերէն զինադադարի եւ 2006 թուականին Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ յուլիսի պատերազմին վերջ տուած ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ձգտելու վերաբերեալ լիբանանեան կառավարութեան դիրքորոշումը յստակ է»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Արապիա»-ին յայտնեց. «Լիբանանին ներկայացուած միակողմանի զինադադար յայտարարելու առաջարկի մասին լուրը ճիշդ չէ»:

 

Նախորդը

Միւֆթի Քապալան. «Երկիրը Պատմական Փորձութենէ Կ՛անցնի Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Սրբութիւն Սրբոց Է»

Յաջորդը

Պըրրի. «Իսրայէլ Անցեալ Սեպտեմբերէն Ի Վեր Զինադադարի Հաստատման Մէկէ Աւելի Հաստատ Առիթներ Մսխեց»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.