Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քայրի Ըրվինկ Օգնեց Տալասին. Եոքիչ` Նակեթցին

October 31, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տալաս Մեւրիքս անցեալ տարեշրջանի արեւմտեան շրջանի աւարտական մրցումի կրկնութեան 120-114 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մինեսոթայի «թարկեթ սենթըր»-էն:

Վեթերան աստղ Քայրի Ըրվինկ իր 35 կէտերուն 16-ն նշանակեց 3-րդ մասին, մինչ Լուքա Տոնչիչ բաւական ուշ մտնելէ ետք մրցումի մթնոլորտին մէջ, ձեռք ձգեց 24 կէտ, 9 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ:

Մինեսոթայի աստղն էր Անթոնի Էտուըրտծ, որ իր 37 կէտերուն 24-ը նշանակեց մրցումի առաջին մասին:

Տոնչիչ, որ մրցումի պահուն ծունկը վիրաւորեց, բայց աւելի ուշ վերադարձաւ, ձախողեցաւ 3 կէտի հեռաւորութենէն, եւ մինչեւ մրցումի վերջին վայրկեանը բաւական հեռու դիրքէ մը նշանակեց կարեւոր ժամանակ մը, ուր տարբերութիւնը 5-էն բարձրացաւ 8-ի: Ճուլիըս Ռենտըլ 20 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թիմպըրվուլվզի, որ իր երկրորդ պարտութիւնը կրեց 4 մրցումներու ընթացքին, մինչ Տալաս իր 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց 4 մրցումներու ընթացքին:

2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց անգամ մը եւս պէտք ունեցաւ երկարաձգման` յաղթելու այս անգամ Պրուքլին Նեթցին` 144-139 արդիւնքով: Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 29 կէտ, 18 ռիպաունտ եւ 16 էսիսթ: Գերմանացի Տենիս Շրէօտըր 28 կէտ եւ 14 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Պրուքլինի:

Տոմանթաս Սապոնիս 28 կէտ եւ 11 ռիպաունտ արձանագրեց ի նպաստ Սաքրամենթօ Քինկզի, որ յաղթեց Եութա Ճեզին 113-96 արդիւնքով: Ճորտըն Քլարքսըն 21 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ճեզի, որ իր 4-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց:

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, առանց Սթեֆ Քըրրիի (վիրաւոր), կրցաւ յաղթել Նիւ Օրլինզ Փելիքընզին` 124-106 արդիւնքով:

Պատի Հիլտ (28 կէտ) եւ Լինտի Ուոթըրզ (21 կէտ) եղան Ուորիըրզի գլխաւոր աստղերը, մինչ Զայըն Ուիլիամսոն (31 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) եւ Պրենտըն Ինկրամ (30 կէտ) եղան Փելիքընզի լաւագոյնները:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Տալաս Մեւրիքս 114-120
Պրուքլին Նեթց – Տենվըր Նակեթց 139-144
Եութա Ճեզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 96-113
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 124-106

 

 

Նախորդը

Ամորիմ Պիտի Գլխաւորէ՞ Եունայթըտը

Յաջորդը

Բռնցքամարտ. Ռաֆայէլ Ներսիսեան Ապահովեց Իր Առաջին Մետալը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.