Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Շարունակուին. Հըզպալլա Աքքայի Մէջ Ռազմարդիւնաբերական Գործարան Մը Հարուածեց

October 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլա յայտարարեց, որ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Աքքայի հարաւ-արեւելքը գտնուող ռազմարդիւնաբերութեան «Եուտիվաթ» ընկերութեան վրայ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծած է Հայֆայի հիւսիսը գտնուող ռազմարդիւնաբերութեան «Զոֆոլոն» ռազմակայանը:

Կուսակցութիւնը հրթիռակոծած է Պաուապեթ Ֆաթմէի, Մալիքիէի եւ Քարմայէլի մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:

Հըզպալլա հրթիռակոծեց նաեւ Քարմայէլի մէջ օդուժի պահեստամասեր արտադրող «Պազ» ռազմակայանը:

Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի գիւղերուն վրայ եւ 14 գիւղերու բնակիչներէ պահանջեց լքել իրենց բնակավայրերն ու Աուալի գետէն հիւսիս ուղղուիլ:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտարարեց, որ ուրբաթ օր ահաբեկած է Հըզպալլայի Պընթ Ժպէյլի շրջանի հրամանատար Ահմետ Ժաաֆար Մաաթուքը:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի տարածքին 120 յարձակումներ գործած է, ներառեալ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ զէնքերու արտադրման եւ պահեստաւորման համար օգտագործուող դիրք մը:

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Սայտայի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքով առնուազն 5 անձեր զոհուած են եւ 13 ուրիշներ վիրաւորուած:

Իսրայէլեան աղբիւրներ իրենց կարգին նշեցին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին սպաննուած են 4 իսրայէլացի զինուորներ, ներառեալ 2 սպաներ: Անոնք նաեւ նշեցին, որ վերջին 48 ժամուան ընթացքին 88 իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած են:

Նախորդը

Կալանթ. «Պատերազմի Բոլոր Նպատակները Միայն Զինուորական Գործողութիւններով Կարելի Չէ Իրագործել»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (28 Հոկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.