Միացեալ Նահանգներ կը սատարեն երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ջանքերուն: Այս մասին կը յայտարարէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` պատասխանելով նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկներուն վերաբերեալ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի գրաւոր հարցումին:
«Կողմերը նշանակալից յառաջընթաց արձանագրած են խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնականացման ուղղութեամբ: Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են սատարելու այդ հոլովոյթին` կողմերուն համար օգտակար որեւէ ձեւով», յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` ամփոփելով, որ այս պահուս աւելցնելիք ոչինչ ունին:
«Ազատութիւն»-ը ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութենէն հետաքրքրուած էր մասնաւորաբար, թէ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն յղած նամակներուն մէջ ի՞նչ առաջարկուած է եւ ի՞նչ փոխզիջումներու մասին գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Պայտըն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յղած նամակին մէջ վստահեցուցած է, որ իր վարչակազմը «պատրաստ է ձեռնարկելու համարձակ նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի օգնեն հարթել դէպի խաղաղութիւն ճամբան»:
«Ես խնդրած եմ Եւրոպայի գծով ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրէն ձեզ տեղեկացնել որոշ քայլերու մասին, որոնք մենք պիտի ուզէինք ձեռնարկել եւ ստանալ ձեր կարծիքը Ազրպէյճանի հետ քննարկումներու վերաբերեալ», Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատու գրասենեակին համաձայն` Փաշինեանին գրած է Պայտըն:


