Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանին Ուղղուած Նամակին Մէջ. Պայտըն. «Համաձայնագիրի Մնացեալ Կէտերու Վերջնականացումը Պիտի Պահանջէ Յամառութիւն Եւ Փոխզիջում»

October 24, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նամակ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ նամակը Փաշինեանին փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ օգնական, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի` Եւրոպայի հարցով ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրը:

«Ուրախ եմ տեսնել, որ ձեր երկիրը եւ Ազրպէյճանը կայուն յառաջընթաց արձանագրած են խաղաղութեան համաձայնագիրը վերջնական տեսքի բերելու ուղղութեամբ, ինչ որ պիտի կարգաւորէ ձեր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները», Հայաստանի կառավարութեան համաձայն նշուած է Պայտընի նամակին մէջ:

Մայքըլ Քարփենթըր մէկ օր առաջ Պաքու կը գտնուէր: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին անոր ալ փոխանցած է Պայտընի նամակը, որով վերջինիս յորդորած էր այս տարուան ընթացքին աւարտին հասցնել Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը:

Սպիտակ տան ղեկավարը Հայաստանի վարչապետին վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են աջակցելու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրին, որ «վերջնականապէս վերջ պիտի տայ դարաւոր տագնապին»:

Ըստ անոր, խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ կ՛երաշխաւորէ Հայաստանի միասնութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, ապահովութիւն եւ կայունութիւն պիտի ապահովէ ոչ միայն հայ ժողովուրդին համար, անիկա նաեւ պիտի վերափոխէ ամբողջ Հարաւային Կովկասի շրջանը:

Պայտըն միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրի մնացեալ կէտերուն վերջնականացումը պիտի պահանջէ յամառութիւն, հնարամտութիւն եւ փոխզիջում, «սակայն հայրենասիրութիւնը քաղաքականութենէն վեր դասելով` դուք խիզախօրէն եւ հետեւողականօրէն ընտրած էք խաղաղութեան ուղին, եւ ես ձեզ կը քաջալերեմ այս տարի վերջնական տեսքի բերելու համաձայնագիրը»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ իր վարչակազմը պատրաստ է ձեռնարկելու համարձակ նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի օգնեն հարթելու դէպի խաղաղութիւն ճամբան:

«Ես Եւրոպայի գծով ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրէն խնդրած եմ ձեզ տեղեկացնել որոշ քայլերու մասին, որոնք մենք պիտի ուզէինք ձեռնարկել եւ ստանալ ձեր կարծիքը Ազրպէյճանի հետ քննարկումներու վերաբերեալ:

«Ինչպէս անցեալ ամիս Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին յիշատակուեցաւ, այժմ եկած է պահը վերահաստատելու յանձնառութիւնը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ խաղաղութեան հիմնարար սկզբունքներուն նկատմամբ: Աւելի պայծառ ապագան հասանելի է, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ ձեզի հետ աշխատանքին` զայն չկորսնցնելու համար», նշուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի նամակին մէջ:

Փաշինեան ամերիկացի պաշտօնատարի հետ հանդիպումի ընթացքին վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը արդէն իսկ համաձայնուած կէտերու հիման վրայ եւ շարունակելու հետագայ քննարկումները: Երեւանի այս առաջարկը Պաքուն անիրատեսական կ՛որակէ:

Նախորդը

Զախարովա Կը Յիշեցնէ, Որ Հարաւային Կովկասի Մէջ Տնտեսական Եւ Փոխադրամիջոցային Միջանցքներու Ապաշրջափակումը Կարելի Է Միայն Ռուսիոյ Մասնակցութեամբ

Յաջորդը

Պարրօ. «Ազրպէյճանը Կը Խախտէ Հայաստանի Նկատմամբ Միջազգային Օրէնքը»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.