Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Փարիզի Մէջ Գումարուելիք Լիբանանի Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախօրեակին Մաքրոն-Միքաթի Հանդիպում

October 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հասաւ Էլիզէի պալատ, ուր զինք ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն:

Անոնք անմիջապէս գումարեցին երկկողմանի հանդիպում մը, որուն մէկ մասին մասնակցեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, զինադադար հաստատելու ֆրանսական ջանքերը, ինչպէս նաեւ այսօր Մաքրոնի հրաւէրով գումարուելիք «Լիբանանի աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողով»-ի պատրաստութիւնները:

Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցաբար կը շարունակէ զինադադարի հաստատման եւ ատոր համար Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու կարելիութեան որոնման համար իր ջանքերը:

Միքաթի իր կարգին մեծ շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքրոնին` «Լիբանանին մնայուն ու շարունակուող աջակցութեան համար», ինչպէս նաեւ զինադադարի հաստատման եւ իսրայէլեան յարձակումի դադրեցման համար անոր թափած բոլոր ջանքերուն համար:

«Վաղուան Լիբանանի աջակցութեան խորհրդաժողովը Ֆրանսայի Լիբանանով հետաքրքրուած ըլլալուն եւ անոր ժողովուրդին կողքին կանգնելուն լաւագոյն փաստն է», նշեց Միքաթի:

 

 

Նախորդը

Պերպոք. «Իսրայէլ Յաջողեցաւ Հըզպալլան Մեծապէս Տկարացնել, Եւ Այժմ Առաքելութիւնը Դիւանագիտական Ազդու Լուծումի Հասնիլն Է»

Յաջորդը

Հըզպալլա Պաշտօնապէս Հաստատեց Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Նահատակութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.