Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամիրպեքով. «Ազրպէյճանը Կ՛ուզէ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքել Ոչ Թէ Փաշինեանի, Այլ Հայաստանի Հետ»

October 21, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանը անիրատեսական եւ անընդունելի կը նկատէ Հայաստանի առաջարկը կնքելու խաղաղութեան համաձայնագիր, որուն մէջ տակաւին քանի մը կարեւոր յօդուածներու շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած: Այս մասին «Պերլինըր Ցայթունկ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:

Ամիրպեքով, պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ Պաքուն ինչպէ՞ս կը վերաբերի այն յայտարարութեան, որ Հայաստանը պատրաստ է նոյնիսկ վաղը խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու Ազրպէյճանի հետ, ընդգծած է, որ կը կասկածի այս յայտարարութեան անկեղծութեան:

«Նոյնիսկ վաղը անաւարտ, կիսատ համաձայնագիրի ստորագրման առաջարկը ոչ միայն անիրատեսական է եւ անընդունելի, այլ նաեւ ապակողմնորոշող: Կողմերը տակաւին պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն համաձայնագիրի նախագիծի քանի մը կարեւոր կէտերուն շուրջ, որոնք բաց են, առանց որոնց փաստաթուղթը պիտի ըլլայ կոպիտ ու թերի», ըսած է ան:

Ամիրպեքովի համաձայն, խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ հիմնական խոչընդոտը «Հայաստանի տակաւին գոյութիւն ունեցող տարածքային պահանջներն են Ազրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած գերիշխան տարածքին նկատմամբ` արտացոլուած Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ», եւ «այս հիմնական խնդիրը անտեսելը համազօր է սենեակին մէջ գտնուող փիղը չնկատելուն»:

«Հայաստանը կ՛ուզէ մոլորութեան մէջ ձգել միջազգային ընտանիքը` ստեղծելով սխալ տպաւորութիւն, թէ իբրեւ թէ կառուցողականօրէն ներգրաւուած է խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ, սակայն իրականութեան մէջ` ժամանակը կը ձգձգէ եւ խաղաղութեան հոլովոյթը կը տանի դէպի փակուղի:

«Ակնյայտ է, ինքնին Հայաստանը սկսաւ անսահմանափակ քանակով դիւանագիտական, տնտեսական եւ ռազմական օգնութիւն ստանալ Արեւմուտքէն, ներառեալ Եւրոպական Միութենէն, Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութեան անդամ առանձին երկիրներ: Ան կորսնցուց բանակցութիւններուն կառուցողականօրէն մասնակցելու բոլոր հետաքրքրութիւնները, եւ կարծես թէ, Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնիլը այլեւս անոր համար առաջնահերթութիւն չէ», ընդգծած է ան:

Ամիրպեքով, պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդիւնքի հասնիլը արագացնելու համար կողմերը համաձայնա՞ծ են «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման հարցը դուրս բերելու խաղաղութեան համաձայնագիրի ծիրէն, եւ արդեօք, կարելի՞ է նոյն կերպ յետաձգել Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք, Ամիրպեքով նշած է. «Բացարձակապէս սխալ է զուգահեռ ստեղծել այս երկու հարցերուն միջեւ, որովհետեւ անոնք բոլորովին տարբեր են իրենց կարեւորութեամբ` կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»:

«Եթէ Սահմանադրութիւնը ձգենք ներկայ տեսքով, ապա խաղաղութեան համաձայնագիրը կարճատեւ պիտի ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանի ոեւէ նոր ղեկավարութիւն, որ դէմ է Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան, պարզապէս պիտի ջնջէ զայն` պատճառաբանելով համաձայնագիրի անհամապատասխանութիւնը բարձրագոյն իրաւական ուժ ունեցող սահմանադրութեան: Այսինքն` Ազրպէյճանը կ՛ուզէ խաղաղութիւն կնքել ոչ թէ վարչապետ Փաշինեանի, այլ Հայաստանի հետ», ընդգծած է ան:

Ըստ Ամիրպեքովի, ատոր համար Ազրպէյճանը չի կրնար իրաւական բացեր ձգել, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան յանգեցնել տագնապին վերակենդանացման եւ նոր ողբերգութիւններու, «հետեւաբար պէտք է վերացնել հայ-ազրպէյճանական երկարատեւ ճակատման բուն պատճառը»: Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, ապա Ազրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչը աւելցուցած է, որ Պաքուն տակաւին մեծ նշանակութիւն կու տայ անոր բացման:

«Սակայն, համաձայնելով զայն դուրս բերել խաղաղութեան համաձայնագիրի ծիրէն, Ազրպէյճանը չ՛ուզեր խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները տապալելու համար քննադատութեան արժանանալ», ընդգծած է Ամիրպեքով:

 

Նախորդը

Լըքորնիւ` Հայաստանի Դեսպանին. «Մենք Միասին Ամուր Պաշտպանական Յարաբերութիւններ Կը Կառուցենք»

Յաջորդը

«ՊՐԻՔՍ-իՆ Միանալը Դրական Ազդեցութիւն Պիտի Ունենայ Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Վրայ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.