Ռէալ Սոսիետատի մամլոյ պատասխանատու Ճոն Անտեր Մունտուաթէ յայտնեց, թէ ռուսահայ միջնապահ Արսէն Զախարեան կրնայ մօտ օրէն վերադառնալ կանաչ դաշտ:
«Ազգային խումբերու մրցումներու դադարէն ետք, Արսէն Զախարեան կը սկսի իր փորձերուն, բայց ան հաւանաբար խմբային մարզումներուն ալ կարենայ մասնակցիլ խումբին հետ: Երբ 10 փորձերէ ետք ան ցաւ չզգայ, վստահաբար կրնայ դաշտ ներկայանալ անմիջապէս», ըսաւ Մունտուաթէ:
21 տարեկան Արսէն Զախարեան այս տարեշրջանին տակաւին ելոյթ չէ ունեցած, որովհետեւ ան վիրաւորուած էր ամրան պատրաստութիւններուն:
Անցեալ եղանակին, ան 29 մրցումներ կատարած էր Սոսիետատի հետ` նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով 2 էսիսթ:
Ան 2019-էն 2023 մաս կը կազմէր Տինամօ Մոսկուային, ուր կատարած էր 82 մրցումներ` նշանակելով 26 կոլ եւ կատարելով 18 էսիսթ:


