Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այս շաբաթ Գերմանիա այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ: Այս մասին կը յայտնէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` յղում կատարելով աղբիւրներուն:
Ղեկավարները պէտք էր 12 հոկտեմբերին «Ռամշթայն» ռազմակայանին մէջ բանակցութիւններ վարէին եւ քննարկէին Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրելու հարցը, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը ջնջած էր այցելութիւնը` Միացեալ Նահանգներու մէջ «Միլթըն» փոթորիկին պատճառով:
«Սի.Էն.Էն.» չէ յստակացուցած Պերլինի մէջ նախատեսուած հանդիպումին մանրամասնութիւնները: Գերմանական լրատուամիջոցները գրած են, որ Պայտընի այցելութեան ծրագիրը «էականօրէն կրճատուած է»` ի սկզբանէ նախատեսուածին համեմատ:
Կը նշուէր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը 18 հոկտեմբերին պէտք է հանդիպի Օլաֆ Շոլցի եւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ:


