Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարաթէ. Հայաստան Շահեցաւ 13 Մետալներ Եւ Աշխարհի 5 Ախոյեան

October 17, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւանդական քարաթէի աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Փորթուգալի մէջ:

«Այ. Թի. Քէյ. Էֆ.»-ի (Ինթերնեշընըլ Թրետիշընըլ քարաթէ ֆետերէյշըն) կազմակերպած 22-րդ ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը,  գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնին նախագահ Սուրէն Մաթեւոսեանի, նուաճեց 5 ոսկի, 6 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներ` անհատական եւ խմբային մրցումներուն:

Նարեկ Իսքանտարեան, Արթուր Ոսկանեան եւ Յովհաննէս Յակոբեան խմբային Քաթա մրցաձեւին դարձան աշխարհի ախոյեան: Իսքանտարեան երկրորդ անգամ ըլլալով կը դառնար աշխարհի ախոյեան:

18-էն 20 տարեկաններու մրցումներուն, Էրիք Յովսէփեան, անհատական քաթայի մրցաձեւին դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:

16-էն 17 տարեկաններու մրցումներուն, անհատական Քումիթէ մրցաձեւին աշխարհի ախոյեան դարձաւ Շահէն Առաքելեան, իսկ Տիգրան Աբրահամեան դարձաւ աշխարհի փոխախոյեան:

14-էն 15 տարեկաններու մրցումներուն անհատական ֆուքու-կօ մրցաձեւին Դաւիթ Գոճամանեան դարձաւ փոխախոյեան, մինչ նոյն տարիքային մրցումներուն` անհատական քաթայի մրցաձեւին Գագիկ Յովհաննիսեան նուաճեց պրոնզէ մետալ:

Տիգրան Աբրահամեան 16-էն 17 տարեկաններու մրցումներուն, ֆուքու-կօ մրցաձեւին հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ Շահէն Առաքելեան` փոխախոյեան:

16-էն 17 տարեկաններու խմբային քաթա մրցաձեւի մրցումներուն Արթուր Խաչատրեան, Տիգրան Աբրահամեան եւ Դաւիթ Գոճամանեան արծաթ մետալ շահեցան:

Հայաստանի հաւաքականը 13 մետալներով 5-րդ դիրքը գրաւած է մասնակից 40 երկիրներու մէջ:

Աշխարհի ախոյեանութենէն առաջ տեղի ունեցած է նաեւ Եւրոպայի պատանիներու (մինչեւ 14 տարեկան) ախոյեանութիւնը: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Եւրոպայի ախոյեան դարձան Արթուր Ալեքսանեան, Միքայէլ Յարութիւնեան, Նարեկ Ջանիբէկեան եւ Աշոտ Երիցեան: Յարութիւնեան, Ջանիբէկեան եւ Երիցեան շահած են նաեւ արծաթ մետալներ:

 

Նախորդը

Բռնցքամարտ. Հայաստան Ապահովեց Առաջին Մետալը

Յաջորդը

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք. Սպանիա-Սերպիա 3-0

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.