Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմի Շարունակութիւնը Եւ Աղէտաբեր Հետեւանքներու Հաւանականութիւնը

October 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Կեանքի սպառնացող ահաւոր վտանգի կողքին եւ անկէ անդին, Լիբանանի վրայ շղթայազերծուած պատերազմը շարունակուելու պարագային, ընկերային, առողջապահական, կրթական, տնտեսական աղէտներու դիմաց կրնայ կանգնեցնել ամբողջ երկիրը:

Ա.- Մէկուկէս միլիոնի հասնող գաղթականներ` Լիբանանի նման փոքր երկրի մը համար, ուր աղէտներու հակակշռումի պետական համապատասխան համակարգը թոյլ է, հակառակ արտաքին օժանդակութիւններուն` դժուար է կացութեան ամբողջական տիրութիւն յանձանձումը կատարել:

Գաղթակայաններու մէջ մաքրութեան անբաւարարութիւնը, փոխանցիկ հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու մնայուն վտանգը, երկարաժամկէտ եւ անբուժելի հիւանդութենէ տառապող անհատներու անհրաժեշտ խնամքի եւ միջավայրի բացակայութիւնը լրջագոյն մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն բոլորը:

Ձմեռնամուտին կրիփի հաւանականութիւնը եւ «Քորոնա» ժահրի (թէկուզ` ոչ վտանգաւոր) տարածումը կրնայ ստեղծել հաւաքական առողջապահական խնդիրներ: Այս բոլորին կողքին, հիմնական հարց կը մնայ հիւանդանոցներու անբաւարար կարողականութիւնը, երբ մեծ թիւով հիւանդանոցներ այսօր արդէն դադրած են գործելէ (երկրի հիւանդանոցներուն 15 առ հարիւրը), երբ շարք մը այլ հիւանդանոցներ կը գործեն ոչ բնական ընթացքով: Աւելի՛ն. հիւանդանոցներ նաեւ կը շարունակուին թիրախ դառնալ ռմբահարումի:

Բ.- Հարիւր հազարէ աւելի աշակերտութեան եւ հազարաւոր համալսարանական ուսանողներու գաղթական կարգավիճակը կրթական տարեշրջանին համար հիմնական խնդիր է: Աւելի քան 30.000 ուսուցիչներ նաեւ այսօր գաղթական դարձած են եւ ի վիճակի չեն իրենց առաքելութիւնը իրականացնելու: Խաղաղութեան հաստատման պարագային նաեւ, երկար ժամանակի պիտի կարօտի ուսումնական կրթական բոլոր հաստատութիւններու բնականոն գործունէութեան վերադարձը, տրուած ըլլալով, որ մեծ թիւով քաղաքացիներու բնակարանները քանդուած են, եւ անոնք դատապարտուած են գաղթական ապրելու երկար ժամանակ, երբ այս ծիրին մէջ կրթական հաստատութիւնները այսօր գաղթակայաններու  վերածուած են:

Գ.- Տնտեսական տագնապը բնականաբար մեծ թիւով հաստատութիւններ պիտի պարտաւորեցնէ գործէ արձակելու իրենց պաշտօնեաները, եւ գործազրկութիւնը, իր կարգին, ընկերային աղէտի պատճառ պիտի դառնայ, եւ որուն դարմանումին համար պետութեան օժանդակութեան ծրագիրները ոչ մէկ ատեն կրնան բաւարար դառնալ եւ երաշխաւորել քաղաքացիին ընթացիկ պէտքերը:

Տագնապներու շարքը կարելի է երկարել. այս եւ այլ բազմապիսի դժուարութիւններու տակ պիտի կլանուի ամբողջ ժողովուրդը: Տակաւին չենք անդրադառնար երկրի շրջափակման հաւանականութեան առկայութեան մասին, որ տագնապին բնականաբար աւելի սուր ու վտանգաւոր բնոյթ պիտի տայ:

Հայկական պրիսմակէն մօտենալով հարցին, այս բոլորը կանխատեսելով` անհրաժեշտ է մնալ զգօն եւ խուճապային մթնոլորտէ հեռու` կառչիլ գործին: Բոլոր ժամանակներէ աւելի համախմբուածութիւնը, համադրուած աշխատանքը, կազմակերպուածութիւնը, համայնքի կառոյցներուն աշխատանքին եւ առաքելութեան նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը եւ, վերջապէս, ներկայ փուլը շրջանցելու համար իւրաքանչիւրի հեռու անձնակեդրոնութենէ` բոլորին ցաւին ու տագնապին բաժնեկցելու գիտակցութիւնը անհրաժեշտ են, որպէսզի կարելի ըլլայ թեթեւցնել տագնապը: Անշուշտ հարկ է մի՛շտ ըմբռնենք նաեւ այն իրականութիւնը որ տագնապը համընդհանուր է:

Մինչ այդ մաղթենք, որ այս հաւանականութիւնները մնան պարզապէս մտահոգութիւն, եւ շուտով իրականութիւն դառնայ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը:

 

Նախորդը

Դպրեվանքը` Բոլորիս Տունը

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Արժանթին Եւ Պրազիլ Մեծ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.