Ուքրանիոյ տագնապի ծիրին մէջ «թէժ պատերազմի» պայմաններուն մէջ ՕԹԱՆ-ի «Սթետֆաստ Նուն» հիւլէական լայնածաւալ ռազմափորձերը միայն լարուածութեան հետագայ սրման կը յանգեցնեն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Պայմաններուն մէջ թէժ պատերազմի, որ կ՛ընթանայ ուքրանական տագնապի ծիրին մէջ, ի հարկէ, նման ռազմափորձերը ոչ այլ ինչի կը յանգեցնեն, քան լարուածութեան հետագայ սրման», ըսած է Քրեմլինի բանբերը` մեկնաբանելով համապատասխան նիւթը:
ՕԹԱՆ նախապէս նշած էր, որ 14 հոկտեմբերին կը սկսի «Սթետֆասթ Նուն» ռազմափորձը, որ պիտի տեւէ երկու շաբաթ եւ պիտի ներառէ օդուժի ութ ռազմակայաններէ զօրքեր, տարբեր տեսակի օդանաւեր, ներառեալ հալածիչներ, որոնք կրնան կրել Միացեալ Նահանգներու հիւլէական մարտագլխիկներ, սակայն օդանաւերը ռազմափորձերուն ժամանակ ռազմական զէնք պիտի չկրեն:


