Ազրպէյճանն ու Իրանը քննարկած են Իրանի տարածքով դէպի Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցումը, ինչի մասին «Էքս» ընկերային ցանցի վրայ գրած է «Ազրպէյճանի երկաթուղիներ» ընկերութեան նախագահ Ռովշան Ռուսթամովը:
Ան այս հարցը քննարկած է իր իրանցի գործընկեր Ժապպար Ալի Զաքերի Սարդրուտիի հետ` Թեհրան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ:
«Մեր քննարկումներու նիւթը երկաթուղային գիծի կառուցումն էր, որ Իրանի տարածքով ուղիղ ցամաքային կապ պիտի ապահովէ Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ: Բացի ատկէ, մենք քննարկած ենք Հիւսիս-հարաւ միջանցքի երկայնքով համագործակցութեան ամրապնդման հարցերը եւ խօսած երկու երթուղիներու զարգացման ուղղութեամբ «Ազրպէյճանական երկաթուղիներ»-ու ձեռնարկած քայլերուն, ինչպէս նաեւ մեր ապագայ ծրագիրներուն մասին», գրած է Ռուսթամով:


