Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներ հաստատած է 7 իրանցիներու եւ 7 ընկերութիւններու դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:
Եւրոպական խորհուրդը յայտարարած է, որ պատժամիջոցները հաստատուած են ի պատասխան Իրանէն Ռուսիա անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու ուղարկման:
Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան համաձայն, պատժամիջոցներու ենթարկուած են «Սահա Էր», «Մահան Էր» եւ «Իրան Էր» օդանաւային ընկերութիւնները:
Իրանն ու Ռուսիան բարձր մակարդակով բազմիցս հերքած են Եւրոպական Միութեան պնդումները, թէ Թեհրան Մոսկուային միջին հասողութեամբ հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր փոխանցած է` զանոնք Ուքրանիոյ մէջ օգտագործելու նպատակով:


