Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (5). «Փրկե՛նք» ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղախաղները

October 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Չէ՜, վերնագիրին մէջ գրաշարական կամ լեզուական սխալ չկայ, այլ` ակնարկութիւնը այն ուժին մասին է, որ խաղաղութիւն կը խաղայ, փոխանակ խաղաղութիւնը պահէ` ի հարկին ուժի կիրարկումով:

Լիբանանի պարտադրուած պատերազմին ցարդ արձանագրուած 2300-է աւելի զոհերը եւ տասը հազարէ աւելի վիրաւորները այնքան աղմուկ եւ մտահոգութիւն չյառաջացուցին շարք մը պետութիւններու մօտ, որքան ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ իսրայէլեան «ոտնձգութիւնները»: Յանկարծ 40 պետութիւններ միացան յայտարարութեան մը, որ «կը դատապարտէ» արարքը, մինչ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոր զգաց, որ Լիբանան պատերազմի մէջ է` մոռնալով, որ երկրին մէջ կ՛ապրին հազարաւոր հայեր, որոնք ՄԱԿ-էն շատ աւելի կարիքն ունին իսկական զօրակցութեան: Ասոր կ՛անդրադառնանք հետագային:

Մէյս Ժապալի դէպքը եւ ապա Ռամիէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնի դարպասի քանդումը լոկ իսրայէլեան բեմադրութիւն են, որոնց մէջ նաեւ մեծ պետութիւններ դերակատար են: ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ այսպէս կոչուած արշաւը կը միտի ենթահող պատրաստել եւ «արդարացում» գտնել խաղաղապահ ուժերու պատերազմի գօտիէն հեռացման, երբ կարիքը զգացուի կամ պահը հասնի:

Գարշելին ա՛յն է, որ ՖԻՆԻՒԼ յայտարարած է, որ 100 մեթր հեռաւորութեամբ կատարուած իսրայէլեան կրակոցներու ձայներուն եւ ծուխին պատճառով ՖԻՆԻՒԼ-ի 15 զինուորներ ունեցած են ֆիզիքական եւ հոգեկան խանգարումներ:

– Է՜հ, կարեւորը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն բան մը չըլլայ: Ատկէ անդին ինչ կ՛ուզէ թող ըլլայ: Հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի եւ տարբեր շրջաններու մէջ իսրայէլեան անմարդկային արարքներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած զոհերն ու աւերումները կարեւոր չեն, բռնագաղթի ենթարկուած հաւաքականութեան ապրած պայմանները էական չեն, եւ լիբանանցիներու ընկերային-տնտեսական խնդիրներն ու խառն հոգեվիճակները մտահոգիչ չեն:

Ծիծաղելի է, որ մեր խաղաղութեան համար Լիբանան հաստատուած ուժերուն եւ զանոնք հովանաւորող շարք մը պետութիւններու համար միայն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն «խաղաղութիւնը» կարեւոր է: Քիչ մնաց, որ թելադրեն, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոններէն մէկ քիլոմեթր հեռու պէտք է կատարուին մարտերը, որպէսզի «զինուորները» հանգիստ քնանան, եւ իրենց խաղաղութիւնը պահպանեն:

Բոլորս ալ տեսա՛նք, թէ Արցախի մէջ ցեղասպանութեան համազօր ազրպէյճանական արարքին դէմ յանդիման ՄԱԿ-ն ու իր «ենթակառոյցները» ի՛նչ կրցան ընել եւ կամ ի՛նչ ըրին:

Լաւապէս տեսանք, որ հազարաւոր գաղթական հայերու նկատմամբ ի՛նչ կատարեցին, եւ դեռ Ազրպէյճանի բարբարոսութիւններու ու Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան փճացման գործողութիւններուն դիմաց ի՛նչ քայլերու դիմեցին: Ոչի՛նչ, եւ երբեմն ալ միայն թուղթի վրայ քանի մը «խղճմտութիւն» ու «կարեկցութիւն»:

Դժբախտաբար միջազգային կազմակերպութիւնները, իրենց ապահովական, ծառայողական, տեղեկատուական, քաղաքական, յարաբերական, ռազմավարական եւ այլ սպասարկութիւններով ու լծակներով նոյնինքն լծակներ են` խաղաղաքարտ մեծ պետութիւններու ղեկավարութեան մօտ: Այսքա՛ն պարզ, յստակ եւ միեւնոյն ատեն ցաւալի իրականութիւն:

14 հոկտեմբեր 2024

Նախորդը

Էրտողանի Ուղերձը

Յաջորդը

Դպրեվանքը Եւ Քսանմէկերորդ Դարը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.