Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` պատասխանելով Դամասկոսի վրայ Իսրայէլի վերջին յարձակումներուն մասին հարցումի մը, յայտնեց, որ Ռուսիան, Իրանն ու Սուրիան պէտք է Սուրիոյ հողերը պաշտպանելու աւելի ազդու քայլերու դիմեն:
Էրտողան թրքական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ շտապ եւ տեւական խաղաղութիւն մը պիտի պաշտպանենք, Իսրայէլ շրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան շօշափելի սպառնալիք մը կը ներկայացնէ»:
«Ռուսիան, Իրանն ու Սուրիան պէտք է աւելի ազդու քայլեր որդեգրեն այն կացութեան դէմ, որ Սուրիոյ հողերու անվտանգութեան դէմ մեծագոյն սպառնալիքն է», նշեց Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը Սերպիայէն իր վերադարձի ընթացքին յայտնեց, որ թերեւս նախարարական փոփոխութիւն մը կատարէ եւ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նոր փոխնախագահներ նշանակէ:
Ան աւելցուց, որ այժմ այդ հաւանական փոփոխութիւնները որոշ գնահատումի կ՛ենթարկէ:


