Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր «Սերի Ա.»-էն

October 14, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԵՈՒՎԵՆԹՈՒՍԻ վիրաւորներու ցանկը կ՛երկարի: Արդարեւ, արժանթինցի -յառաջապահ Նիքօ Կոնզալեսի վիրաւորուելէն ետք, «Չեմփիընզ լիկ»-ի վերջին ելոյթին, կեդրոնի յետսապահ Պրեմըր, որ վիրաւորուած եւ փոխարինուած էր 6-րդ վայրկեանին, վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ եւ երկար ժամանակով պիտի բացակայի կանաչ դաշտերէն: Ան պատռած է ծունկի ետեւի խաչաձեւ մկաններու կապերը:

– ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ տարուան ամրան փոխանցումներու ժամանակամիջոցին, Ինթեր Միլան պիտի փորձէ իր կազմին միացնել Ուտինեզէի նիկերիացի բերդապահ Մատուքա Ուքոյէն: 25 տարեկան Օքոյէ նպատակ չունի ձմրան փոխադրուիլ այլ ակումբ, սակայն ամրան կարելիութիւն կայ այդ փոխանցումը իրականացնելու:

– ԻՏԱԼԻՈՅ ազգային խումբի նախկին կեդրոնի յետսապահ Ֆապիօ Քանավարօ իր կարծիքը յայտնած է այս տարուան «Սերի Ա.»-ի մասին:

«Այս տարեշրջանի սկիզբն ենք տակաւին, եւ քանի մը խումբեր գրաւած են առաջին դիրքը: Թէ Նափոլի կրնա՞յ շահիլ ախոյեանութիւնը… ժամանակը ցոյց կու տայ: Անցեալ տարի անոնք շատ ետ մնացին, հակառակ անոր որ շատ լաւ մարզիկներ եւ մարզիչ ունէին: Անոնք շատ դրամ ծախսեցին մարզիկներու վրայ: Անոնք ամէն ինչ ունին պայքարելու մինչեւ վերջ: Եուվենթուս իր կարգին շատ ծախսեր կատարեց եւ նոր գաղափարով մարզիչ ալ ունի, բայց Ինթերը բոլորէն աւելի առաւելութիւններ ունի», ըսաւ Քանավարօ, որ լաւագոյն օրերը անցուցած է իբրեւ մարզիկ` Նափոլիի, Փարմայի, Ինթերի, Եուվէի եւ Ռէալի շապիկով, 2006-ին շահած էր մոնտիալը, միեւնոյն ժամանակ ընտրուելով լաւագոյն մարզիկ` շահելով պալոն տ՛օրը:

– ԻՏԱԼԻՈՅ գերբաժակի հանդիպումները տեղի պիտի ունենան 2-էն 6 յունուարին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

Կիսաւարտականի առաջին մրցումին` 2 յունուարին, Ինթեր պիտի մրցի Աթլանթայի դէմ, իսկ յաջորդ օրը, Եուվենթուս` Ա. Սէ. Միլանի դէմ, 6 յունուարին տեղի կ՛ունենայ աւարտականը` յաղթական խումբերուն միջեւ:

– ՆԱՓՈԼԻԻ վրացի միջնապահ Քվիչա Քվարացխելիա ընտրուեցաւ «Սերի Ա.»-ի սեպտեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստ: Ան 2 կոլ եւ 1 էսիսթ կատարած էր սեպտեմբերին եւ ըստ երեւոյթին վերագտած է 2023-ի իր փայլքը:

Ամսուան լաւագոյն մարզիչ ընտրուեցաւ Նափոլիի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէն:

 

Նախորդը

Մենք` Լիբանանահայութիւնը

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Վաղը` Քոլոմպիա – Չիլի

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.