Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Սինըր Եւ Սապալենքա` Յաղթական

October 14, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտալացի թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր շահեցաւ Շանկհայի թենիսի մրցաշարքը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք սերպ Նովաք Ճոքովիչը` 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով:

Թիւ 4 դասուած Ճոքովիչ բաւական դժուար մրցակից ունէր` յանձին շատ աւելի երիտասարդ եւ արագ Սինըրի, որ շահեցաւ այս տարուան իր 7-րդ տիտղոսը` իր ասպարէզին մէջ 4-րդ անգամ ըլլալով յաղթելով Ճոքովիչին, որ իր կարգին 4 անգամ կրցած է յաղթել Սինըրին:

37 տարեկան Ճոքովիչ, որ այս տարի միայն Ողիմպիականի թենիսի մրցաշարքը կրցաւ յաղթել, կը փորձէր իր ասպարէզի 10-րդ մրցաշարքը շահիլ, բայց չկրցաւ հասնիլ 100 թիւին: Պատմութեան մէջ միայն 2 թենիսմեններ կրցած են 100-ի սահմանը անցնիլ` Ճիմի Քանըրզ 109 տիտղոս եւ Ռոժէ Ֆետերերն են (103 տիտղոս):

«Շատ դժուար մրցում էր, վստահաբար, Նովաքի դէմ խաղալը ամէնէն դժուար մրցումը կրնայ ըլլալ: Դժուար թէ գաղտնիք ըլլայ ըսելը, թէ ան տկար կէտ չունի: Պէտք է օգտուիս ամէնէն պզտիկ առիթէն, որ կրնայ տալ քեզի: Ան թենիսի պատմութեան հերոսներէն մէկն է, շատ դժուար է մրցիլ հետը, եւ շատ ուրախ եմ, որ կրցայ յաղթել», ըսաւ Սինըր: «Բաւական լաւ թենիս խաղցայ, բայց շնորհաւորութիւններս Եաննիքին: Այսօր շատ շատ լաւ էր. շատ զօրաւոր, շատ արագ, շատ լաւ տարի մը կ՛ունենաս եւ արժանի ես յաղթանակին», ըսաւ Ճոքովիչ:

Շանկհայի մրցաշարքէն քիչ մը անդին` Վուհանի մէջ տեղի ունեցաւ աղջկանց մրցաշարքի աւարտական մրցումը` թիւ 1 դասուած Արինա Սապալենքայի (Պիելոռուսիա) եւ թիւ 5 դասուած Քինուեն Ժենկի (Չինաստան) միջեւ, ուր 2 ժամ 41 վայրկեան պայքարէ ետք Սապալենքա յաղթեց 6-3, 5-7 եւ 6-3 արդիւնքով:

Աշխարհի թիւ 2 Սապալենքա շահեցաւ իր 4-րդ տիտղոսը այս տարի, ներառեալ կրան շլեմի տիտղոսներ Աւստրալիոյ եւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի մրցաշարքերը: Պիելոռուս թենիսվումընը այս մրցաշարքին բնաւ չէ պարտուած եւ իր յաղթանակներու շարքը հասցուց 17-ի: Երրորդ յաջորդական տարին ըլլալով ան կը շահի այս մրցաշարքը` Չինաստանի մէջ:

 

 

Նախորդը

Ատեյեմի` Ուշադրութեան Կեդրոն

Յաջորդը

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք. Այսօր` Պելճիքա – Ֆրանսա Եւ Գերմանիա – Նետերլանտներ

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.