Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

October 14, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան դարձեալ կը գտնուի ճգնաժամային իրավիճակի մէջ: Սեպտեմբեր 2024-ին  հանգրուանային ու մագլցողական ձեւով զարգացաւ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութիւնը եւ, հակառակ քաղաքական վերլուծաբաններու մեծամասնութեան կարծիքին, Թել Աւիւ դիմեց պատերազմական խիստ քայլերու: Այսօր Իսրայէլի պատերազմը Հըզպալլայի դէմ չէ, այլ նաեւ` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Լիբանան ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ենթարկուի ռմբակոծումներու, որոնց պատճառով ցարդ նահատակուած են աւելի քան 2000 քաղաքացիներ ու վիրաւորուած` շուրջ 10.000 ուրիշներ: Հետեւաբար պէտք չէ մոռնալ, որ Հըզպալլան պետութիւն չէ, կամ անոր զանգուածը այլ պետութեան մը քաղաքացիները չեն: Իսրայէլի պատերազմը Լիբանանի դէմ կը գտնուի:

Դժբախտաբար հայ ժողովուրդը եւս բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի: Լիբանանահայը այսօր իր մորթին վրայ կը զգայ իրավիճակը Արցախի ժողովուրդին, որ պաշարումի եւ ամէնօրեայ զինանադադարի խախտումներու ենթակայ էր ամբողջ տարուան մը ընթացքին: Բազմաթիւ նմանութիւններ կարելի է գտնել Արցախ-Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմներուն միջեւ: Ի վերջոյ, Իսրայէլ, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա  նոյն դաշինքին մաս կը կազմեն եւ Միջին Արեւելքի ու հայութեան մեծագոյն չարիքներն են:

Վերադառնալով Լիբանան` ցնցիչ էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութիւնը: Իրապէս քաղաքական եւ ռազմավարական ցնցում էր: Յատկանշական է, որ Դիմադրութեան սէյիտին զօրակիցները եւ համակիրները տակաւին յուսահատած չեն եւ անտարբերութեան ու պարտութեան դրօշը պարզած չեն: Կարելի է ըսել, որ իբրեւ երիտասարդութիւն` այս երեւոյթէն դասեր պէտք է քաղենք եւ անդրադառնանք, որ մենք եւս յուսահատութեան եւ անտարբերութեան մատնուելու իրաւունք չունինք:

Լիբանանահայ երիտասարդը այսօր ներկայ իրավիճակին մասին բնականաբար իր մօտեցումները եւ ըսելիքները ունի: Այս իմաստով, հրամայական է, որ երիտասարդութիւնը մօտէն հետեւի բոլոր զարգացումներուն` ոչ պարզապէս տեղեկանալու նպատակով, այլ իր մտքին մէջ ստեղծելու որոշ պաշար մը, որուն հիման վրայ կրնայ գծել այս երկրի ապագան:

Երիտասարդութիւնը պէտք է գիտակցի, որ ի՛նքն է այս երկրի ապագան, ի՛նքն է ընտրողը, ի՛նքն է պաշտպանողը եւ ի՛նքն է տէրն ու տիրականը: Իբրեւ ՀՅԴ ԼԵՄ, մենք մեր պատասխանատուութիւնները լաւապէս գիտնալով, մեր լիբանանահայ երիտասարդութիւնը կը հրաւիրենք քաղաքականացումէն անդին` որդեգրելու քննական միտք եւ հարցերուն մօտենալու առարկայական ձեւով, որովհետեւ այդ է պետականաշինութեան միակ ուղին:

Բնականաբար մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր երկիր Լիբանանին ու կը դատապարտենք Իսրայէլի գործած միջազգային օրէնքներու խախտումները ու ծաւալապաշտական յառաջխաղացքները: Կը մաղթենք, որ Լիբանան շուտով վերագտնէ իր խաղաղութիւնը, եւ քաղաքական համակարգը լծուի պետականաշինութեան աշխատանքներու` առաջին հերթին ընտրելով նոր նախագահ:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Լիբանանի Մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Որդեգրած Ութ Բանաձեւերը

Յաջորդը

Քարոզչական Հերթական Խայծերը…

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.