Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Հարուածը Եւ Լիբանանի Դիմադրութիւնը

October 14, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Արդէն իսկ մէկ տարին անցաւ Կազայի պատերազմի սկիզբին: Կազան հաւասարեցաւ գետնի, դարձաւ փլատակ, տուաւ աւելի քան 40.000 զոհ:  Եւ այդ իրավիճակը սկսաւ ներթափանցել նաեւ Լիբանան: Իսրայէլեան բանակը շաբաթներ առաջ սկսաւ ռմբակոծել Լիբանանի հարաւն ու ի վերջոյ օդային հարուածները հասան Պէյրութ: Թիրախաւորուած շրջաններուն բնակիչները տեղահանուեցան եւ գաղթեցին դէպի համեմատաբար ապահով շրջաններ` ապաստանելով հիմնականօրէն պետական դպրոցներու մէջ: Իսրայէլեան բանակը օգտագործեց նաեւ միջազգային օրէնքով արգիլուած ու քիմիական նիւթեր պարունակող ռումբեր: Այս մէկը կը հանդիսանայ մարդկային իրաւունքներու խախտում:

Այսօր Իսրայէլ կը փորձէ բոլոր ձեւերով տկարացնել Հըզպալլան, սակայն իր դիմաց ունի դժուարութիւններ: Այս հարցին արմատները Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու  համար Իրանի հզօր ներկայութիւնն է Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու եւ քաղաքական շարժումներու մէջ:

Լիբանանի մէջ Իսրայէլի նպատակն է բոլորովին վերացնել Հըզպալլան, որ Իրանի աջակցութիւնը կը վայելէ, եւ հասնիլ Լիթանի գետ: Իսրայէլեան բանակը արդէն իսկ ահաբեկած է Հըզպալլայի ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը: Օրական դրութեամբ կը ռմբակոծէ շիի մեծամասնութեամբ բնակուած շրջաններ` փլատակ դարձնելով քաղաքներ ու սպաննելով տասնեակ քաղաքացիներ: Կը պայթեցնէ գործարաններ, տուներ եւ գործատեղեր: Գաղթականներուն թիւը կը հասնի աւելի քան մէկ միլիոնի: Եւ ահա տնտեսական ու հոգեբանական պատերազմ կը մղուի բոլոր ճակատներուն վրայ: Սակայն այս բոլորին ընդդէմ կայ ժողովուրդ մը` լեցուած վրէժխնդրութեամբ եւ ոխով, կորսնցուցած` տուն, բարեկամ, ընտանիք եւ ղեկավար, ունենալով սկզբունքային նպատակ եւ խոր հաւատք, որուն համար մինչեւ արեան վերջին կաթիլ պատրաստ է պայքարելու: Արդեօք պիտի կարենա՞յ թշնամի երկիրը այս մարտավարական յաղթանակները երկար ժամանակի ընթացքին վերածել ի նպաստ իր ռազմավարական տեսլականին, այսինքն` տկարացնել եւ ոչնչացնել Հըզպալլան:

Նկատի ունենալով, որ Իրան աջակից է Հըզպալլային,  զայն տկարացնելու Իսրայէլի ջանքերը խորքին մէջ աւելի մեծ նպատակի մը կը ծառայեն` Իրանի տկարացումը Միջին Արեւելքի մէջ, մանաւանդ, Լիբանանի, որ իր հիւսիսային շրջաններուն համար սպառնալիք  կը նկատէ: Իսրայէլ, իր կարգին օգնութիւն կը ստանայ Միացեալ Նահանգներէն, որոնք Իրանի հիւլէական ծրագիրը կ՛որակեն իբրեւ մեծ սպառնալիք:

Իսրայէլ կը շարունակէ սիոնական իր քաղաքականութիւնը` այս անգամ հարուածելով Լիբանանը: Հարաւէն ներխուժելու բոլոր փորձերը ներկայիս ձախողած են, որովհետեւ դիմադրող Հըզպալլան որեւէ տարածք զիջելու մտադրութիւնը չունի: Այս պատերազմէն անդին` արդեօք փոփոխութիւն պիտի կրէ՞ Միջին Արեւելքի քարտէսը: Ա՛յս է հիմնական հարցումը ներկայիս եւ գալիք շաբաթներուն, ամիսներուն եւ տարիներուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Պոսթըն

Յաջորդը

Լիբանանը` Իսրայէլեան Ծաւալապաշտութեան Թիրախ

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.