Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ իր երկիրը «կ՛ամրապնդէ Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի ընդլայնումէն խուսափելու համար ջանքերը եւ աշխատանք կը տանի Լիբանանի մէջ դիւանագիտական լուծում մը գտնելու»:
Պլինքըն Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու` ԱՍԻԱՆ-ի ղեկավարներու Լաոսի մէջ վեհաժողովի ծիրին մէջ յայտարարեց. «Լիբանանցի ժողովուրդը միայն ինք կ՛որոշէ իր ճակատագիրը եւ ինք կ՛ընտրէ իր նախագահը»:
«Մեր բոլորին շահերէն կը բխի ստեղծել մթնոլորտ մը, որ մարդոց իրենց տուները վերադառնալ կ՛արտօնէ», աւելցուց ան:
«ԱՍԻԱՆ-ի մէջ խոր մտահոգութիւն կայ Կազայի մէջ քաղաքայիններուն ապրած տառապանքին նկատմամբ», յայտնեց Պլինքըն:
«Իսրայէլ Հըզպալլայի շղթայազերծած եւ իր դէմ մնայուն սպառնալիք ներկայացնող յարձակումներէն ինքզինք պաշտպանելու իրաւունք ունի», ըսաւ ան:
«Կը գտնուինք Իրանի ղեկավարութեամբ չարիքի առանցքի առջեւ, որ բացուելիք նոր ճակատներ կ՛որոնէ, եւ մենք կը փորձենք անկէ խուսափիլ», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:


