Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը կը փորձեն «սողոսկիլ» Հարաւային Կովկաս` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութեան հոլովոյթին միջոցով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով:
Ուշաքով պնդած է, թէ բանակցող կողմերէն ոչ բոլորը կ՛ողջունեն Արեւմուտքի դերը:
«Մէկ խօսքով, նոյնիսկ (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ) երկկողմանի բանակցութիւններու ոչ բոլոր մասնակիցները կ՛ողջունեն Արեւմուտքի այս դերը եւ բանակցային հոլովոյթին խառնուելու այս փորձերը», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:
Ուշաքով նաեւ յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը «ողջունելի չէ»:
«Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործունէութիւնը չ՛ողջունուիր: Ափսոսանքով պիտի նշեմ, որ այդ առաքելութիւնը կ՛ընդլայնուի: Յունիսին անոր կազմին մէջ 138 հոգի կար, այժմ` շուրջ 210:
«Եւ կը նախատեսուի, որ առաքելութեան կազմը պէտք է հասցուի 600-ի: Թէ անոնք այնտեղ ինչո՛վ զբաղած են, կարելի է, ի հարկէ, պատկերացնել», ըսած է Ուշաքով:


