Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Հըզպալլան առանց ղեկավարութեան կազմակերպութիւն է. անոր ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլան մաքրագործուեցաւ, եւ թերեւս նաեւ անոր յաջորդը, եւ ասիկա մեծ ազդեցութիւն ունի»:
Իսրայէլեան կառավարութեան բանբեր Տաւիտ Մենսեր իր կարգին յայտնեց. «Վճռական ենք շարունակելու Կազայի եւ Լիբանանի մէջ թշնամիի ոչնչացումը»:
«Պիտի չկանգնինք, մինչեւ որ Համասը ոչնչացնենք եւ պատանդները իրենց տուները վերադարձնենք», նշեց ան:
«Մենք Իսրայէլի գոյատեւման համար պատերազմ կը մղենք եւ մեր հիւսիսային սահմաններուն վրայ ահաբեկչական ուժերու գոյութիւնը պիտի չընդունինք», յայտնեց Մենսեր:
«Միջազգային օրէնքը խախտելուն համար Հըզպալլան պատասխանատու է հիւսիսային սահմաններուն վրայ մագլցումին», նշեց ան:


