Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ժանին Հենիս Փլասխարթ եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան ղեկավար ու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Կապոյտ գիծի միջոցով առօրեայ դրութեամբ փոխադարձ կրակոցէն մէկ տարի անցաւ, երբ Հըզպալլա սկսաւ Մազարեհ Շեպաայի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակել` թշնամական արարքները դադրեցնելը եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը (2006) խախտելով: Մէկ տարի, որուն ընթացքին բազմաթիւ մարդիկ իրենց կեանքերը կորսնցուցին եւ ուրիշներ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուեցան, եւ անոնց կեանքը քանդուեցաւ, մինչ Կապոյտ գիծի երկու կողմերուն վրայ քաղաքայինները անվտանգութիւն ու կայունութիւն կ՛ակնկալեն: Տարի մը, որուն ընթացքին ինքնազսպումի, քաղաքայինները պաշտպանելու, մարդասիրական միջազգային օրէնքին յանձնառու ըլլալու, թշնամական արարքներու դադրեցման վերադառնալու եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան վրայ հիմնուած քաղաքական հոլովոյթի մէջ ներքաշուելու մեր իրերայաջորդ կոչերուն ճակատագիրը անտեսումն էր»:
«Իւրաքանչիւր հրթիռ կամ ռումբ, որ կ՛արձակուի, ռումբ, որ կը նետուի, ցամաքային յարձակում, որ կը գործադրուի, կողմերը աւելի կը հեռացնէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի հետապնդած նպատակէն, ինչպէս նաեւ զանոնք կը հեռացնէ Կապոյտ գիծի երկու կողմերուն վրայ քաղաքայիններուն մնայուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու պայմաններու ստեղծումէն:
«Անկասկած, բռնարարքներու եւ քանդումի սրացումը պիտի չլուծէ խորքային հարցերը եւ որեւէ կողմի երկար ժամկէտի վրայ անվտանգութիւն պիտի չապահովէ: Ընդհակառակն: Բանակցուած լուծումը միակ ուղին է վերականգնելու համար անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, որոնց կը ձգտին ու արժանի են Կապոյտ գիծի երկու կողմերուն վրայ գտնուող քաղաքայինները: Ժամանակը հասաւ այդ ուղղութեամբ շարժելու», նշեցին անոնք:


