Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար կը փափաքի վերադառնալ Պարսելոնա: Յառաջիկայ ամառ Հիլալի յառաջապահ Նէյմար, կրնայ ըլլալ Պարսելոնայի հաւանական թիրախներէն մէկը` նկատի ունենալով, որ քաթալոնական ակումբը նպատակ ունի յառաջապահ մը ձեռք ձգել:
Ռոպերթ Լեվանտովսքի շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն անոր տարիքը կը յառաջանայ, եւ բնական է, որ Պարսելոնայի նման ակումբ մը, որ մեծ թիւով երիտասարդ մարզիկներ ունի, պիտի ուզէ ունենալ աւելի երիտասարդ յառաջապահ մը, որ տարիներով մնայ ակումբին մէջ: Անոնց թիւ 1 նպատակը նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտն է, որ Մանչեսթըր Սիթիի հետ լաւ օրեր կ՛անցընէ: Հաալանտ վերջերս յայտնած էր, թէ կ՛ուզէ «Լա լիկա»-ի խումբերէն մէկուն միանալ: Ռէալ Մատրիտ նախապէս կ՛ուզէր ձեռք ձգել Հաալանտը` վերջինիս Տորթմունտի հետ իր ասպարէզը լքելէ ետք, սակայն այժմ Ռէալ արդէն իսկ ապահոված է ապագայ քանի մը տարիներու յառաջապահ գիծը, մանաւանդ Էմպափէ – Վինիսիուս – Ռոտրիկօ – Էնտրիք քառեակին հետ: Ուրեմն Պարսելոնա կրնայ ըլլալ Հաալանտի միակ «յարմար» ակումբը, անշուշտ եթէ անոր «գին»-ն ալ յարմար ըլլայ:
Եթէ ոչ, Պարսելոնա պիտի դիմէ Նէյմարին, որ արդէն իսկ մեծ փափաք ունի վերադառնալու այն ակումբը, որուն մաս կազմած է 2013-էն 2017:
Նէյմար, որ վերջերս վերադարձած էր կանաչ դաշտ, անպայման կ՛ուզէ միանալ Պարսելոնային, առիթ ալ ունենալու 2026-ի մոնտիալին լաւ ձեւով պատրաստ ըլլալու:
Այլ ձեւ մըն ալ կայ Նէյմարի արագ վերադարձին` Պարսելոնա, եթէ այլ պրազիլցի մը` Ռաֆինիա, ձմրան փոխանցումներու ժամանակամիջոցին կարենայ լքել Պարսելոնան` միանալու Մանչեսթըր Եունայթըտին:


