«Էմ. Էլ. Էս.» (Մէյճըր լիկ սաքըր) Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հաստատած է հանդիսատեսներու նոր մրցանիշ մը, ուր համակիրներուն թիւը անցած է 11 միլիոնը:
Տակաւին բնական ախոյեանութեան 16 մրցումներ կան, եւ արդէն համակիրներուն թիւը անցած է անցեալ տարուան մրցանիշը` 10 միլիոն 900 հազարը:
Անշուշտ այս իրողութեան մէջ մեծ դեր ունին միջազգային աստղերը, ինչպէս` Լիոնել Մեսսին եւ Լուիս Սուարեսը:
Միջին հաշուով 23.240 համակիրներ ներկայ կ՛ըլլան մրցումներուն: Անշուշտ Մեսսին դիտելու համար 72.610 համակիրներ ներկայ եղած էին Ինթեր Մայեմի-Սփորթինկ Քանսաս Սիթիի մրցումին (13 ապրիլին), ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի տերպիին` Լոս Անճելըս Էֆ. Սի.-Լոս Անճելըս Կալաքսի մրցումին, որուն ընթացքին 70 հազար համակիրներէ աւելի եկած էին «Ռոզ Պոլ»-ի դաշտ:


