Հայաստան շահագրգռուած չէ կայուն խաղաղութեամբ եւ կը ձգտի պահպանել այս կացութիւնը իբրեւ պահեստային տարբերակ` ապագային Ազրպէյճանի վրայ յարձակում սկսելու համար: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ` ի պատասխան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի ուրբաթ օր կատարած յայտարարութեան:
«Հայաստանը պէտք է ձեռնպահ մնայ հակասական յայտարարութիւններէն, իրական քայլերով ցոյց տայ յարգանք միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն նկատմամբ», ընդգծած է ան:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան նշած էր, որ Հայաստան սպառազինութիւն ձեռք կը բերէ միայն ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը եւ սեփական քաղաքացիներու պաշտպանութեան պարտաւորութիւնը գործադրելու նպատակով:


