2 հոկտեմբերին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբազան պայքարի «Յաղթանակի եւ յոյսի» փուլի մեկնարկի մասին ազդարարող հանրահաւաքը:
Մինչեւ հանրահաւաքին սկսիլը երիտասարդները Մատենադարանի մօտէն երթով միացան հրապարակին մէջ հաւաքուած քաղաքացիներուն:
Հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանի ու Արցախի պետական քայլերգներով, Տէրունական աղօթքով:
«Թող ոչ ոք կարծէ, թէ այդ բռնապետական ճնշումներէն դրդուած, մարդիկ իրենց ինքնութիւնը պիտի չպահեն: Մենք արժանապատիւ պայքարի եւ արժանապատիւ պայքարը տանող սերունդն ենք»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան:
Ան ընդգծեց, որ այս ընթացքին պայքարը եղած է հողի, հայրենիքի, նաեւ` սուրբ նահատակներուն արժանի ըլլաու համար:
«Մենք պայքարը սկսած ենք Տաւուշէն: Զայն դուք կոչած էք «Սրբազան շարժում», որ ամիսներ շարունակ, սրբազան հօր գլխաւորութեամբ, ըրած է մէկ բան` համատարած անտարբերութեան մէջ հայու ոգին բարձր պահած է: Մենք այս հողին վրայ ամուր կանգնած ենք, ոչ թէ Էրտողանը ամուր գրկած: Մենք թոյլ պիտի չտանք, որ Էրտողաններու ու Թալէաթներու ոգին փառաւորուի», ըսաւ ան:
Ելոյթ ունեցան հասարակական-քաղաքական գործիչ Էտկար Ղազարեանը, քաղաքական վերլուծաբան Կարէն Պեքարեանը:
«Այս պայքարին մէջ պիտի յաղթէ ան, որ յամառ է, աննահանջ է եւ հետեւողական: Եւ դարձեալ պէտք է կրկնեմ` մի՛ մտածէք կարելիի ու անկարելիի մասին, մտածեցէ՛ք ու գործեցէ՛ք անհրաժեշտ ու ոչ անհրաժեշտ ըլլալու մասին», յայտարարեց Սրբազան պայքարի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան:
Ան խօսք ուղղեց նաեւ միջազգային հանրութեան` ըսելով. «Մեզի համար հասկնալի է, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ: Բոլոր երկիրներն ալ իրենց հաշուարկները, ցանկութիւնները ունին: Մեզի համար ոչ միայն հասկնալի է ձեր լռութիւնը, այլեւ մեր ուղերձն է ձեզի` բոլոր, բոլոր կողմերուն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի գործէ միայն եւ միայն հայկակա՛ն շահով, ի՛ր օրակարգով»:
Հանրահաւաքի աւարտին Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ պիտի շարժին դէպի Հանրային պատկերասփիւռի կայան եւ ուղիղ եթեր պիտի պահանջեն:
Արձագանգելով սրբազանի կոչին` Հանրային պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, որ պատրաստ է ուղիղ եթերի ընթացքին հարցազրոյցի ձեւաչափով հիւրընկալել Բագրատ արք. Գալստանեանին կամ շարժման առաջնորդներէն ոեւէ մէկուն:
Հանրային պատկերասփիւռի կայանի եթերէն Բագրատ սրբազան հանդէս եկաւ ուղերձով, ապա նաեւ հարցազրոյց տուաւ:
Դիմելով ժողովուրդին` ան յայտարարեց. «Կոչուած ենք պարտութեան ու զոհի հոգեբանութենէն դուրս գալու, կոչուած ենք ոտքի կանգնելու, կոչուած ենք ուղղելու մեր մէջքը, կոչուած ենք վերցնելու անարդարութիւնը, կոչուած ենք վերածնունդի: Ի՛նչ զրկանքներ ալ ըլլան, պայքարը պիտի շարունակուի: Կը գտնուինք աղէտի մէջ, եւ այդ աղէտը կանխելու կոչուած ենք»:
Բագրատ սրբազանը կոչ ուղղեց կիրակի, 6 հոկտեմբերին, ժամը 18:00-ին գալու Հանրապետութեան հրապարակ:


