Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տարեշրջանը Կը Սկսի 22 Հոկտեմբերին

October 2, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի 2024-2025 տարեշրջանը կը սկսի 22 հոկտեմբերին, ուր ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս պիտի հիւրընկալէ Նիւ Եորք Նիքսը, 18-րդ ախոյեանութեան (մրցանիշ) տիտղոսի մատանիները ստանալէ ետք:

Օրուան երկրորդ մրցումին, Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ պիտի ըլլայ հիւրը Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, ուր Լըպրոն Ճէյմս իր 22-րդ տարեշրջանը պիտի սկսի իր անդրանիկ զաւկին` Պրոնիի հետ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայր եւ որդի նոյն ժամանակ եւ նոյն խումբէն խաղալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ: 39 տարեկան Լըպրոն եւ իր զաւակը` Լըպրոն Ճէյմս Ճունիըր, որ շաբաթ օր 20 տարեկան կ՛ըլլայ, երէկ կարճ հարցազրոյց մը ունեցան իրենց առաջին փորձերէն ետք:

«Շատ հետաքրքրական է: Շատ հաճոյք է իրականութեան մէջ, կարողութիւն ունենալ գալու աշխատելու ամէն օր, լաւ ձեւով աշխատիլ զաւկիդ հետ ամէն օր, նոյն պահուն տեսնելով, որ ան կ՛աճի: Իրար վրայ կը ճնշենք, մեր խմբակիցներուն վրայ կը ճնշենք, օգնելով աւելի լաւ աշխատելու: Շատ հրճուելի վայրկեան է ոչ միայն ինծի, այլեւ մեր ընտանիքին համար», ըսաւ Լըպրոն, որ թիւ 23 տարազով նստած իր զաւկին քով, որ թիւ 9 տարազով (Ճէյմս Ճունիըր) հանդէս կու գայ:

Ըստ կարգ մը շշուկներու, «Օլ Սթար»-ի մարզիկ Քարլ-Անթոնի Թաունզ պիտի միանայ Նիւ Եորք Նիքսին, մինչ Ճուլիըս Ռենտըլ եւ Տոնթէ Տիվինչենցօ պիտի միանան Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի:

Թաունզ, որ 4 անգամ մասնակցած է «Օլ Սթար»-ի մրցումին, իր 10-րդ եղանակը պիտի սկսի «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ, բնաւ դժգոհ չէր Մինեսոթայի մէջ եւ կրցած էր հասնիլ արեւմտեան շրջանի աւարտականին: Ան լաւ եռեակ մը կազմած էր Անթոնի Էտուըրտծի եւ Ռուտի Կոպերի հետ, սակայն պէտք է ըսել, որ ան կը վերադառնայ իր արմատներուն` Նիւ Ճըրզիի, ուր պատանեկան օրերը` անցուցած է Նիւ Եորքի մօտ:

23 հոկտեմբերին Լոս Անճելըս Քլիփըրզ իր նոր «Տոմ» դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ֆինիքս Սանզը: Օր մը վերջ, Արեւմտեան շրջանի ախոյեան Տալաս Մեւրիքս պիտի հիւրընկալէ Սան Անթոնիօ Սփըրզը: 5 անգամ «Օլ Սթար»-ի մարզիկ Քլէյ Թոմփսըն իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ Տալասի հետ, մինչ 12 անգամ «Օլ Սթար»-ի մարզիկ Քրիս Փոլ իր 20-րդ տարեշրջանը պիտի սկսի Սան Անթոնիոյի հետ:

Նախորդը

Հաղորդակցութեան Անթել Սարքերու Պայթումի Բնագիտութիւնը

Յաջորդը

Տիքեմպէ Մութոմպօ Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Պասքեթպոլ. Սաժես` Արաբական Ակումբներու Ախոյեան. Ռիատի` Շապապ Ահլիի Մրցաշարքի Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես` Արաբական Ակումբներու Ախոյեան. Ռիատի` Շապապ Ահլիի Մրցաշարքի Ախոյեան

October 23, 2026
Բռնցքամարտ.  Խաչիկ Բաբայեան Մետալ Մը  Եւս Ապահովեց Ի Նպաստ Հայաստանի
Մարզական

Բռնցքամարտ. Խաչիկ Բաբայեան Մետալ Մը Եւս Ապահովեց Ի Նպաստ Հայաստանի

October 23, 2026
Ըմբշամարտ.  Հայաստան 9 Մետալներ Շահեցաւ Վրաստանի Մէջ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Հայաստան 9 Մետալներ Շահեցաւ Վրաստանի Մէջ

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.