Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վրացական Երազանք»-ը Կ՛ողջունէ Լաւրովի Յայտարարութիւնը, Սակայն Կ՛ուզէ, Որ Ռուսիան Զօրքերը Հեռացնէ Աբխազիայէն Եւ Հարաւային Օսեթիայէն» Կ՛ըսէ Քալածէ

October 1, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը դրական գնահատած է Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ հաշտեցման գաղափարը, որ արտայայտած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, սակայն միեւնոյն ժամանակ կոչ կ՛ուղղէ ռուսական ուժերը այս շրջաններէն դուրս բերելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն:

«Այն, որ Ռուսիան կ՛ողջունէ հաշտեցումը եւ պիտի նպաստէ անոր, անշուշտ, դրական է, սակայն ես կ՛ըսէի, որ այս յայտարարութիւններէն ետք լաւ պիտի ըլլար արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկել», ըսած է «Վրացական երազանք»-ի ընդհանուր քարտուղար Քախա Քալածէն:

Ան նշած է. «Վրաստանի «տարածքներու որոշակի հատուածին մէջ, որոնք բռնագրաւուած են, այսօր ռուսական ռազմակայաններ տեղակայուած են»:

«Ուստի, այդ յայտարարութիւններուն զուգահեռ, լաւ պիտի ըլլար սկսիլ մշակել այդ բանակային ստորաբաժանումները Վրաստանի տարածքէն դուրս բերելու գործողութիւններու ծրագիր», ռուսամէտութեան յանցանքով մեղադրուող իշխող կուսակցութեան ղեկավարի խօսքերը մէջբերած է «Մթաւարի» հրատարակութիւնը:

Վրացական ընդդիմութիւնը Լաւրովի խօսքերը սադրանք նկատած է:

«Լաւրով, ի հարկէ, կը հաստատէ իր յայտարարութեամբ, որ կը համագործակցի «Վրացական երազանք»-ի եւ Պիձինա Իվանիշվիլիի հետ: Վրաստանի իշխանութիւններուն համար աւելի մեծ ամօթ չի կրնար ըլլալ», ըսած է ընդդիմադիր երեսփոխան Թամարա Քորձայան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մէկ օր առաջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի Բարձր մակարդակի շաբթուան նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր, որ Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու Վրաստանին` հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ:

Ան նշած է, որ Մոսկուան պատրաստ է օգնելու, եթէ բոլոր կողմերը շահագրգռուած ըլլան հաշտեցման եւ «չյարձակելու մասին համաձայնութիւնները ապահովելու հարցին մէջ»:

«Ակնյայտ է, որ Վրաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը ազնիւ կը գնահատէ անցեալը: Անոնք ըսին, որ պատմական հաշտութիւն կ՛ուզեն: Թէ ի՛նչ ձեւով, ինչ ձեւաչափով կրնայ այդ հաշտեցումը ըլլալ, պէտք է որոշեն երկիրները` թէ՛ Աբխազիան, թէ՛ Հարաւային Օսեթիան», ըսած է Լաւրով:

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ դիմած էր Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ բնակիչներուն` կոչ ուղղելով ապրելու «մէկ վրացական պետութեան մէջ»:

Անոր համաձայն, Վրաստանը պէտք է «վերականգնէ բոլոր քանդուած կամուրջները»: Սեպտեմբերի սկիզբին «Վրացական երազանք» կուսակցութեան հիմնադիր Պիձինա Իվանիշվիլին յայտարարած էր, որ եթէ իր կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթէ, Թիֆլիսը ուժ պիտի գտնէ օսերէն ներողութիւն խնդրելու 2008 թուականի զինուորական տագնապին համար:

Նախորդը

Թրամփ. «Պայտըն Մտաւոր Թերաճ Դարձած Է, Իսկ Քամալան Այդպիսին Ծնած Է»

Յաջորդը

Ռուսիոյ Վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին Այսօր Հայաստան Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.