ՌԻԹԱ ՍԱԼԼՈՒՄ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Չեմ գիտեր` անցեա՞լը փառաբանեմ, ներկա՞ն ողբամ, թէ՞ ապագաի մասին մտածեմ… Անցան չորս տարիներ, եւ ահա՛ հասանք այս տարուան սեպտեմբեր ամիսը. այն ամիսը, երբ պէտք էր զուարճանայինք եւ տօնէինք Արցախի անկախութեան օրը: Իսկ այսօր ձեզի կը թուի, թէ արցախցին ազա՞տ է. ա՛լ չէ՞ք կարծեր, թէ դանակը հասած է ոսկորին. փաստօրէն` ո՛չ, քանզի յայտնի է մեր վիճակը:
Արցախի համար ինկան քաջեր, նորէ՛ն հայ մայրերը արցունք թափեցին, որբերն ալ անզօր ճչացին: Թերեւս աշխարհը կոյր էր, չտեսաւ մեր տառապանքը, բայց հա՞յը, ինչո՞ւ լռեց. լա՛ւ, լռեց, ինչո՞ւ տակաւի՛ն կը լռէ. չէ՛, մենք արժանի չենք այն հերոսներուն, որոնք զոհուեցան յանուն գաղափարի մը` չձգել ազերին իր կեղտոտ ձեռքերով դպչի մեր սուրբ հողին. իրենք չձգեցին, այո՛, բայց, աւա՜ղ, մե՛ր հայու, դաւաճա՛ն հայու ձեռքը հասաւ… մենք անարգեցինք անոնց չապրած կեանքը, ծախեցինք ինքներս մեզ` մե՛ր լռութեամբ, քանզի դաւաճանները տակաւի՛ն կը քալեն այն հողի վրայ, որուն համար զոհուեցան մեր տղաքը, քանզի դաւաճանները իրենց ստոր ներկայութեամբ դե՛ռ կ՛անարգեն անոնց շիրիմները, քանզի Հայաստանն ու Արցախը մեծ Եռաբլուր դարձնողները տակաւի՛ն կը համարձակին հայրենասիրութեան դասեր տալ: Մեր տղաքը չպարտուեցան, որովհետեւ յաղթանակը իրենց սրտերուն մէջ պահելով` գացին դէպի կանչող յաւերժութիւն, բայց դո՛ւք` յաղթանակի մասին այդքան բարձր գոռացողներդ, պարտուա՛ծ ծնաք, ծնկա՛ծ ապրեցաք եւ դեռ կը շարունակէք քաշքշել ձեր ստոր գոյութիւնը: «Սա՞ էր մեր վերջ»-ը ըսելէն ես յոգնեցայ. փաստօրէն, այո՛, այսպէս պիտի փակէինք մեր հզօր պատմութեան էջը. այս էր մեր ճակատը գրուած, ու վերջ: Բայց ինչո՞ւ, ի՞նչ եղանք, ո՞ւր է այն ժողովուրդը, որ սուր կը բարձրացնէր, երբ դանակը հասնէր ոսկորին, ո՞ւր է ի՛մ ժողովուրդս, որուն կամքը պողպատէ էր, դարեր շարունակ պրկեր էր բազուկը ու մի՛շտ զարկէր: Ինչպէ՞ս հոս հասանք, ես ա՛լ չեմ գիտեր. այսօրուան մեր վիճակը ուղղակի ողբերգական է:
Արեամբ պահածը գրիչով յանձնեցիք, բայց հակառակ ամէն ինչին, որոնք կսկիծ կը պատճառեն, կ՛ուզեմ սթափիլ, լաւատես ըլլալ եւ ըսել` հայը չմեռաւ, կորիւններ եւ արծիւներ ծնող ազգը չի մեռնիր: Տակաւին ունինք երկար ճամբայ, ամբողջ ազգով պիտի արժանանանք Եռաբլուր այցելելու իրաւունքին:
Ի՛մ Արցախ, մենք հեռացանք` մնալով յաւերժ քուկդ, դուն կա՛ս ու պիտի մնաս յաւերժ մե՛րը, եւ եթէ յանկարծ մտքովդ անցնի, թէ այլեւս քու փողոցներուդ մէջ չի լսուիր Արցախի քաղցր բարբառը, յիշէ՛, կայ սերունդ մը, որ կ՛ապրի գիրկդ վազելու յոյսով:


