Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Դաշնակցութեան Համար Անկախ Պետականութիւնը Բարձրագոյն Արժէք Է, Որ Ամէն Գնով Պէտք Է Պահպանել»

September 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 սեպտեմբերին Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ ասիկա մեր վերջին տարիներու մեծագոյն տօնն է, ազատ եւ անկախ Հայաստանի ստեղծումը` 33 տարի առաջ: «ՀՅԴ-ին համար անկախ պետականութիւնը բարձրագոյն արժէք է, որ ամէն գնով պէտք է պահպանել: Այդ անկախութեան նախաշեմին արցախեան գոյամարտն էր, այսօր Արցախը հայաթափուած է, բայց ասիկա չենք դիտարկեր իբրեւ վերջնական իրադարձութիւն: Այդ 33 տարիներուն մենք կարողացանք ստեղծել բաւականին լուրջ պետականութիւն, ազգային արժէքները վերադարձան հայրենիք, առաջին տարիներուն ստեղծուեցաւ հզօր բանակ, ունեցանք արցախեան գոյամարտի յաջող ելք եւ Հայաստանը միջազգային հարթակներու վրայ ունէր բաւականին լուրջ արժէք: Վերջին տարիներուն կացութիւնը փոխուեցաւ այս յանձնուողական եւ պարտուողական քաղաքականութեան պատճառով», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստանի իշխանութիւններուն հակահայ քաղաքականութիւնը չի՞ դժուարացներ Հայ դատի գրասենեակներուն, ՀՅԴ կառոյցներուն գործունէութիւնն ու աշխատանքները, որոնք միտուած են Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան`  Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Մեր բարեկամ երկիրներուն մէջ, երբ աշխատանք կը տանիս եւ կը ներկայացնես հայկական պահանջներ, կ՛ըսեն` ձեր իշխանութիւնները նման պահանջ չեն դներ: Օրինակ, մեզի համար այսօր առաջնահերթութիւն է Հայ դատի օրակարգին վրայ ունենալ Արցախի կարգավիճակի, արցախցիներու վերադարձի, Պաքուի բանտերէն Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատագրման խնդիրները, ասոնք չլուծուած հարցեր են, բայց անընդունելին այն է, որ Հայաստան լուռ կը մնայ, եւ այդ լռութիւնը մեր մօտ շփոթ կը յառաջացնէ: Մեր պահանջը այն է, որ մենք, իբրեւ համայնք, առաջնային խնդիրի լուծումը տանք Արցախին վերաբերող բոլոր կէտերուն»:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր կարգին ըսաւ, որ  Նիկոլ Փաշինեանը ոչ միայն իր ամբողջ էութեամբ հայրենասիրութեան հետ կապ չունի, այլ նաեւ կը փորձէ վարկաբեկել, հեղինակազրկել, նաեւ` հայ ժողովուրդին ու հայոց պետականութեան ազատագրութեան համար նահատակուած բոլոր հերոսները:

Ան նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան իր պարտութիւնները արդարացնելու, դաւաճանութիւնները քողարկելու նպատակով պատրաստ է որեւէ պղծութեան` պահպանելու իր իշխանութիւնը եւ շրջապատին բարեկեցութիւնը ապահովելու համար:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան շեշտեց, որ Հայաստան պէտք չէ հրաժարի սփիւռքի եւ Արցախի գաղափարէն:

«Ե՛ւ արցախցիները, սփիւռքահայերը, ե՛ւ Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է իսկապէս միանան Հայաստանի անկախութեան հզօրացման գաղափարին շուրջ», նշեց ան` աւելցնելով, որ 21 սեպտեմբերը շատ կարեւոր օր է, եւ մենք պէտք է զօրավիգ կանգնենք անկախութեան գաղափարին:

Ըստ Մուրատեանի, անկախութիւնը պէտք է բոլորը հաւաքէ, համահայկական գաղափար դառնայ եւ սփիւռքը, Արցախն ու Հայաստանը վերամիանան իբրեւ իրականութիւն, իբրեւ գաղափար եւ իբրեւ ապագայի սկզբունք:

«Մենք պէտք է համոզենք Հայաստանի ժողովուրդը, որ միայն ազգի գաղափարը կրնայ փրկել երկիրը եւ կրնայ հզօրացնել Հայաստանն ու հայրենիքը», ըսաւ ան:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, պէտք է պայքարիլ բոլոր այն իրողութիւններուն դէմ, որոնք կը տկարացնեն Հայաստանը, հայ ազգը:

 

Նախորդը

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այլ Բաներու Կարգին Կարեւոր Կը Նկատէ Արցախահայութեան Ինքնորոշման Իրաւունքի Գործադրումը

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ուղերձը` Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Օրուան Առիթով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.