Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կիրակի օր Հըզպալլայի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով զոհուած ղեկավարներէն Իպրահիմ Աքիլի յուղարկաւորութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իսրայէլեան վերջին յարձակումներէն ետք «շուտով յաղթահարեցինք ցնցումը եւ աւելի ուժեղ ու տոկուն վերադարձանք մեր դիրքերուն` ժողովուրդին զօրակցութեամբ»` աւելցնելով. «Աւելի ուժեղ վերադարձանք, եւ այդ մասին պատերազմի դաշտը պիտի վկայէ»:
«Ո՜վ ամերիկացիներ, տակը եղաք, ոչ ոք ձեզի պիտի հաւատայ, եւ պիտի հետեւիք Իսրայէլին, որ անխուսափելիօրէն պիտի քայքայուի», ըսաւ ան:
Շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ Կազային թիկունք կանգնելու լիբանանեան ճակատը «կը շարունակուի, որքան ալ երկարատեւ ըլլայ, մինչեւ որ Կազայի վրայ պատերազմը դադրի»:
«Պիտի չճշդենք, թէ յարձակումին ինչպէ՛ս պիտի հակադարձենք: Մուտք գործեցինք նոր փուլ մը, որուն խորագիրը բաց հաշիւի ճակատամարտ է», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը:
Անդրադառնալով շաբաթ գիշեր Հայֆայի հրթիռակոծման` շէյխ Քասեմ նշեց. «Այն, ինչ որ երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ, բաց հաշիւի ճակատամարտին մէջ առ հաշիւ էր, եւ պատերազմի դաշտի զարգացումներուն հետեւեցէ՛ք»:


