Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Դիւանագիտական Հոլովոյթը Կայ, Եւ Պատերազմը Անխուսափելի Չէ»

September 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած կարճ ուղերձի մը ընթացքին իր խօսքը լիբանանցիներուն «եւ սիրելի բարեկամներուս» ուղղելով ըսաւ. «Մեր հասարակաց երկար պատմութեան լոյսին տակ, ձեր երկիրը սրտիս ու մեր քաղաքացիներու սրտին մօտիկ է, եւ իւրաքանչիւր փորձութեան ընթացքին մենք ձեր կողքին կը կանգնինք»` նշելով. «4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն երկու օր ետք Լիբանան եկայ` լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ Ֆրանսայի  հաստատ զօրակցութիւնը արտայայտելու համար»:

«Այսօր անգամ մը եւս երկիրը տխրութեան ու վախի մէջ կ՛ապրի: Տխրութիւնը բոլոր քաղաքային զոհերուն համար, որոնք արձանագրուեցան այս շաբաթ յարձակումներուն ընթացքին, եւ վախ ձեր վրայ ազդող տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային տագնապներէն. այսօր անոնց վրայ կ՛աւելնայ պատերազմի նկատմամբ վախը», ըսաւ Մաքրոն:

«Ընդգծեցի, որ պէտք է պաշտպանել Լիբանանը եւ խուսափիլ պատերազմէն, եւ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները եւս պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատին: Դիւանագիտական հոլովոյթը կայ, եւ պահանջուած է, եւ Ֆրանսան անոր հաստատման համար կ՛աշխատի», շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը:

«Մագլցումը ոչ ոքի շահերէն կը բխի, եւ պէտք է Լիբանանի ապահովութիւնը, անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ոչ մէկ բանի, ո՛չ շրջանային արկածախնդրութեան, ո՛չ սեփական շահի մը, ո՛չ որեւէ դատի համար, ինչ ալ ըլլայ այդ, կ՛արժէ Լիբանանի մէջ հակամարտութիւն հրահրել»:

«Այսօր աւելի քան երբեք, այս պահուս կարիք ունիք նախագահի մը, որ կը ստանձնէ մարտահրաւէրներուն դէմ երկիրի ղեկավարումը», ընդգծեց Ֆրանսայի նախագահը` նշելով. «Գիտեմ, որ շփոթահարութեան եւ տխրութեան վիճակին մէջ յոյսը սակաւ գտանելի կ՛ըլլայ: Ֆրանսան թէ՛ այս շփոթահարութեան եւ թէ՛ այս տխրութեան մէջ ձեր կողքին կը կանգնի, որովհետեւ պատերազմը անխուսափելի չէ, եւ Ֆրանսան պիտի չդադրի ըսելէ, որ Լիբանանի ապագան պէտք է Լիբանանի մէջ եւ լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ գրուի»:

 

Նախորդը

Զախարովա. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Լայնածաւալ Գործողութեան Շղթայազերծումը Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ, Եւ Պէտք Է Անկէ Խուսափիլ»

Յաջորդը

Սպիտակ Տուն. «Միացեալ Նահանգներու Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Բոլոր Սպառնալիքներուն, Ներառեալ Հըզպալլայի Դէմ Դիրքորոշումը Հաստատ Է»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.