Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Հըզպալլայի դէմ պատերազմին նոր փուլը մեծ ու կարեւոր առիթներ կը ներառէ, թէեւ նաեւ մեծ վտանգներ կը պարունակէ»:
«Հըզպալլան իր պարտութիւնը կը զգայ, եւ մեր զինուորական գործողութիւններու շարքը պիտի շարունակուի», նշեց Կալանթ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը ըսաւ. «Մեր նպատակը հիւսիսի բնակիչները իրենց տուներ անվտանգ վերադարձնելն է, եւ Հըզպալլան ժամանակի ընթացքին աւելի մեծ գին պիտի վճարէ»:
«Միեւնոյն ժամանակ, պիտի շարունակենք առեւանգեալները իրենց տուները դարձնելու եւ Համաս շարժումը տապալելու ջանքերը», նշեց Կալանթ:


