Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնած Ուքրանիոյ պաշտպանական շտապ կարիքներու բաւարարման եւ ռուսական պատերազմի դիմակայման մէջ Ֆրանսան ղեկավարելուն համար:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Պլինքըն եւ Մաքրոն քննարկեցին Միջին Արեւելքի թղթածրարը, ներառեալ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման աշխատանքը, գերիներու տունդարձը, Կազայի բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւններու յաւելումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ մագլցումը նուազեցնելու կարիքն ու յանձնառութիւնը դիւանագիտական լուծումի մը նկատմամբ, որ իսրայէլացի եւ լիբանանցի քաղաքայիններուն իրենց տուներ անվտանգ վերադարձը կ՛արտօնէ»:
Նախքան այդ, Պլինքըն յայտարարած էր. «Ուաշինկթըն եւ Փարիզ կոչ կ՛ուղղեն` Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ մագլցումը զսպելու եւ նուազեցնելու»:
«Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն վրայ 7 հոկտեմբերէն ի վեր խնդիր կայ, եւ սահմանին երկու կողմերուն վրայ բնակիչներու անվտանգ տունդարձը կ՛ուզենք», նշած էր ան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ իր կարգին յայտնած էր. «Ֆրանսան մտահոգ է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ, եւ մագլցում չենք ուզեր ու այս պատգամները փոխանցեցինք լիբանանեան կողմին»:


