Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Վերադառնա՛լ Ինքնորոշման Իրաւունքի Սկզբունքին (Հայաստանի Վերանկախացման 33-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեպտեմբեր 21-ի նշումը, հայկական երկրորդ հանրապետութեան տապալումէն ետք, կորսնցուցած է իր տօնականութիւնը: Պէտք է վերյիշել, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները միմեանց անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքները կը հանդիսանային: Մէկուն կորուստը սպառնալիք է երկրորդին, եւ այս ելակէտէն ալ իմաստազուրկ է այն մօտեցումը, որ հայկական կողմը, ընդունելով Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ, պէտք է կեդրոնանայ 29.734 քառ. քիլոմեթրի պաշտպանութեան եւ պահպանման վրայ:

Պաշտօնական Երեւանը Արցախի վերադարձ չի պահանջեր: Աւելի՛ն. Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձը եւս կը բացակայի Երեւանի օրակարգէն: Չեն հնչեր պահանջներ, իրաւունքներու իրացման անհրաժեշտութիւններ:

Հաւաքական վերադարձի որոշումը կարելի է հիմնել ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Արցախի ժողովուրդը ի՛նք է, որ բռնի տեղահանուելէ ետք  կը պահանջէ վերադառնալ իր բնօրրանը:

Ինքնորոշումը ներկայ փուլին այս պահանջի իրացումն է: Այդ պահանջը սակայն իրաւունք ունին բարձրացնելու ինքնորոշուած Արցախի պետական ներկայացուցիչները: Հայաստանի իշխանութիւնները չեն գիտակցիր յայտնաբար, որ Արցախի պետական հիմնարկները լուծարուած նկատելով, անոնց գոյութիւնը չընդունելով կամ անոնց Հայաստանի մէջ գործունէութիւնը արգելակելով ըստ էութեան չէզոքացուցած կ՛ըլլան ինքնորոշման իրաւունքի գործարկման իրաւական կարելիութիւնները:

Արցախի Հանրապետութեան բռնատեղահանուած պետական ներկայացուցիչները ինքնորոշուած Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պաշտօնեաներ են եւ  իրաւասու են ներկայացնելու զիրենք ընտրած ժողովուրդի պահանջները:

Սեպտեմբեր 21-ի խորհուրդը կը յուշէ ամէն բանէ առաջ, որ Հայաստանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան սպառնացող թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի ծրագիրները պէտք է խանգարել: Այդ ծրագիրներու իրականացումը կը սպառնայ մեր հայրենիքի գերիշխանութեան եւ անկախութեան:

Արցախի Հանրապետութեան տապալումը, Արցախի հայաթափումը այդ ծրագիրի առաջին փուլն է:

Հայաստանի գերիշխանութեան այսօրուան սպառնալիքը  թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի փայփայած «Զանգեզուրեան միջանցք»-ն է: Թուրանական կամուրջի կառուցման ծրագիրը տապալելու համար Երեւանը աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ճիշդ ընթերցումը կատարելու պարտաւորութիւնը ունի եւ առարկայական եզրակացութեան հիման վրայ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն կիրարկելու հարկադրանքին առջեւ է: Սխալիլը կ՛իրականացնէ երկրորդ սպառնալիքը, ուղղուած` մեր գերիշխանութեան եւ անկախութեան:

Շարունակենք դիտարկել սպառնալիքները եւ տեսնել թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի անվերջ նորացուող նախապայմանները: Կրճատել ռազմական պիւտճէն, սահմանափակել արտաքին օժանդակութիւնները զինարհեստագիտութեան եւ զինապաշարի, փոխել Սահմանադրութիւնն ու օրէնսդրութիւնը, չպահանջել հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ ներխուժած ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումը, Պաքուին հետ համատեղ դիմել լուծարելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն ու անոր եռանախագահութիւնը:

Այս վերջին կրկնուող պայմանով հարցը կը վերադարձուի ինքնորոշման իրաւունքէ հրաժարումին: ԵԱՀԿ կը նշանակէ սկզբունքներ, որոնցմէ` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

Այդ ինքնորոշման իրաւունքը, վերջին իրադարձութիւններէն ետք, արցախեան հողին վրայ ներկայ պահու դրութեամբ չի կրնար իրականացուիլ: Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն տեսակի օժանդակութիւն պէտք է շարունակել դէպի Հայաստան բռնատեղահանուած Արցախի ժողովուրդին, չնպաստելու  արտագաղթին եւ ենթահող ձեւաւորելու համար հաւաքական վերադարձին:

Ինքնորոշման իրաւունքը վերարծարծելը հրամայական է: Ինքնորոշման իրաւունքը կրնան արծարծել Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչները: Արցախի պետական համակարգի պահպանումը նախապայմանային մեկնակէտ է ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման առաջադրանքը կարճաժամկէտ եւ հեռահար նպատակներուն ծառայեցնելու համար:

Թուրքեւազրպէյճանական սպառնալիքները, ուղղուած` մեր հայրենիքի գերիշխանութեան եւ անկախութեան, անվերջանալի են: Այդ սպառնալիքները, Արցախի հայաթափումէն եւ Արցախի Հանրապետութեան տապալումէն ետք, թիրախաւորած են ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի օգտագործման իրաւական կարելիութիւններու փակումը:

Ինքնորոշուած եւ բռնատեղահանուած ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներուն անհրաժեշտ է տրամադրել ամէն աջակցութիւն, որպէսզի անոնք բարձրացնեն ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ` սկսելու համար, հաւաքական վերադարձի մարդկային եւ ազգային իրաւունքը:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդային Յարձակում` Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Շէնքի Մը Վրայ

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 172-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.