Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան մէջ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց. «Ուրախութիւնը ունիմ 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին վնասուած Քարանթինայի մէջ Պէյրութի պետական հիւանդանոցի շէնքին հիմնաքարը դնելու, որ կը զուգադիպի այսօր` 16 սեպտեմբերին` Մոհամետ մարգարէի ծնունդի տօնին, կարծէք քաթարեան ձեռքերով Աստուծոյ նուէրը ըլլայ»:
Սալամ Քաթարի ղեկավարութեան ու ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց «կառավարական հիւանդանոցի վերաշինութեան ու կազմածներով օժտման համար` ընդառաջելով առողջապահական կարիքներուն լիբանանցիներուն, մասնաւորաբար սահմանափակ եկամուտով եւ ամէնէն կարիքաւոր ընտանիքներուն»:


