Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընթացիկ Աշխատանքներու Կառավարութեան Նիստը Յետաձգուեցաւ

September 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան երէկուան նիստը յետաձգուեցաւ օրինաթիւի չգոյանալուն պատճառով: Վարչապետարանի քարտուղարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Օրինաթիւ չգոյանալուն պատճառով որոշուեցաւ նիստը յետաձգել հետագային ճշդուելիք ժամկէտին»:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կանուխէն հասած էր իր գրասենեակ եւ սկսած պատրաստուիլ նիստին:

Մինչ այդ, հանգստեան կոչուած բանակայինները փակեցին դէպի վարչապետարան տանող ճամբաները` արգելք հանդիսանալու համար նիստի գումարման: Անոնք նախապէս յայտարարած էին, որ պիտի արգիլեն ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան որեւէ ժողով, որուն առաջին օրակարգը աշխատավարձերու բարեկարգումը չէ:

Հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստի յետաձգումէն ետք պատասխանելով զինոորականներուն ներկայացուելիք առաջարկներուն մասին հարցումի մը ըսաւ. «Հարցը միայն զինուորականներուն չի վերաբերիր, որովհետեւ ամբողջ պետութիւնը կը սպասէ, թէ պետական ամավարկէն ի՛նչ դուրս պիտի գայ: Միքաթիի ուղղուածութիւնը պարտքերէ ազատ ամավարկ հրապարակելու փորձ է, որովհետեւ բնականաբար դրամ չենք կրնար տպել, ինչպէս նաեւ չենք կրնար պարտք առնել: Այսօր ամավարկի ծիրին մէջ շարժելու կարելիութեան առիթ ունինք: Առաջարկ մը գոյութիւն ունէր, սակայն զայն չենք կրնար բացայայտել նախքան նախարարներուն եւ զինուորականներուն հաւանութեան արժանանալը»:

«Հաստատօրէն լուծում մը կայ, եւ կայ առաջարկ մը, որ առաւօտեան Միքաթիի հետ քննարկեցինք` սպասելով, թէ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ», աւելցուց Քըրըմ:

Նախորդը

Ըստ Իսրայէլեան Պետական Պատկերասփիւռի Կայանին. Ուաշինկթըն Հիւսիսային Ճակատի Վրայ Դիւանագիտական Այլընտրանքային Լուծում Կը Մշակէ. Իսրայէլ Չի Կրնար Աւելի Երկար Սպասել

Յաջորդը

Ըստ Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Լայնածաւալ Պատերազմ Մը Կրնայ «Աղէտալի Եւ Անսպասելի Հետեւանքներ» Ունենալ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.