Շաբաթ օր Տորթմունտի «Սիկնալ Իտունա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի փառատօն մը, որ սկզբունքով ակումբի նախկին լեհ մարզիկներ Լուքաս Փիշչեքի եւ Եագուպ Պլաշիքովսքիի հրաժեշտի մրցումն էր:
81 հազար 365 համակիրներ ողողած էին դաշտը` տեսնելու Տորթմունտի նախկին աստղերը, որոնք հրաւիրուած էին ներկայ ըլլալու հրաժեշտի այս մրցումին, որ ըստ մարզիչ Եուրկըն Քլոփի` «դպրոցական վերամիացում»-ի տեսքը ունէր:
Քլոփ, որ 3 ամիսներէ ի վեր լքած է մարզիչի իր պաշտօնը Լիվըրփուլէն, վերադարձաւ մարզիչի պաշտօնին, ըլլալով Պլաշիքովսքիի խումբին մարզիչը, մինչ Փիթըր Քրաւիչ մարզիչ նշանակուած էր Փիշչեքի խումբին, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Հենրիխ Մխիթարեան:
Քլոփին ուղղուած առաջին հարցումը այն էր, թէ ուրա՞խ է, եւ ե՞րբ պիտի վերադառնայ մարզելու… «Շատ ուրախ եմ, եւ բնաւ չեմ մտածեր վերադառնալու մասին: Չեմ կարօտցած այդ ճնշումին»: «Շատ յատուկ էր այս օրը հին տղաքը հաւաքելով եւ վերադառնալով Տորթմունտ 9 տարի ետք: Լաւ յիշատակներ ունինք հոս: Լաւ երազ մըն էր, որ այսօր իրականացաւ բոլորին վերամիացումով: Միշտ կ՛ուզէի այս ձեւի խաղեր ըլլան իրար հանդիպելու համար կրկին անգամ, լաւ օրեր յիշելու: Տակաւին քանի մը ամիս առաջ Լիվըրփուլին ցտեսութիւն ըսի, եւ այժմ այլ զգացումներով հարուստ մթնոլորտ մը: Համեմատութիւն մի՛ դնէք, թէ ո՛ւր աւելի կը սիրէի աշխատիլ: Երեք զաւակներ ունենալու կը նմանի, հաւասարապէս կը սիրեմ իմ մարզած երեք ակումբներս», ըսաւ Քլոփ, որ մարզած է Մայնց, Տորթմունտ եւ Լիվըրփուլ ակումբները:
Մրցումին մասնակցող աստղերու շարքին էին Փիշչեքի խումբէն Փարք Ճօ-Հու, Մարսել Շմելցըր, Սոքրաթիս Փափասթաթուփուլոս, Էրիք Տուրմ, Նուրի Շահին, Կոնզալօ Քասթրօ եւ անշուշտ Հենրիխ Մխիթարեան:
Պլաշիքովսքիի խումբին մաս կազմեցին Ռոմաս Վայտընֆելըր, Մաթս Հումելզ, Տետէ, Սուպոթիչ, Փաթրիք Օուոմոյելա, Մորեթց Լայթնըր, Քեւին Կրէօսքրիւթց եւ Մոհամետ Զիտանի նման մարզիկներ:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քամիլ Կրոսիցքի (2) Մլատեն Փեթրիչ եւ Լուքա Պարիոշ (2), մինչ Նուրի Շահին, Ֆելիփէ Սանթան (սխալմամբ իր բերդին մէջ), Արթուր Վիչնիարեք (Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցումէն ետք) մրցումը հաւասարեցուցած էին 3-3, մինչ Եուլիան Պրեւերթ նշանակեց Փիշչեքի խումբին 4-րդ կոլը:


