Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Երբեք Չէ Հրաժարած Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ «Ազնիւ Միջնորդ»-ի Իր Դերէն» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

September 6, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան երբեք չէ հրաժարած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցային հոլովոյթին մէջ «ազնիւ միջնորդ»-ի իր դերէն: Այս մասին «Օտքպ-ինֆօ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:

Անոր համաձայն, ատոր վառ ապացոյցներն են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին հաղորդակցութիւնները գործընկերներու հետ, մասնաւորաբար 18-19 օգոստոսին անոր պետական այցելութիւնը Ազրպէյճան եւ ատկէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, որոնց ընթացքին քննարկուած են հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հարցերը:

«Դրական արդիւնքի հասնելու համար Ռուսիան ունի անհրաժեշտ փորձառութիւն, նիւթեր (ներառեալ քարտէսագրական) եւ շրջանին մէջ համապատասխան հեղինակութիւն: Աւելի՛ն, ի տարբերութիւն «հաւաքական Արեւմուտքի», մենք Հարաւային Կովկասը չենք դիտարկեր իբրեւ ոեւէ մէկուն հետ «ճակատման գօտի»: Համաշխարհային մեծամասնութեան երկիրները արդէն յստակ կը հասկնան տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն իրական նպատակը` շրջանը վերածել Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ ճակատման յաւելեալ ասպարէզի, վնաս հասցնել մեր երկրի շահերուն ամէն ձեւով եւ ամէն գինով, նոյնիսկ մարդկային կեանքերու գինով», ըսած է Քոփիրքին:

Ըստ Ռուսիոյ դեսպանին, խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման հարցին մէջ ռուսական կողմի մօտեցումը կը մնայ անփոփոխ, որովհետեւ ատիկա արձանագրուած է Փութինի կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ:

«Ի հարկէ, մեր օգնութեան ծաւալն ու ձեւերը պէտք է ընդունելի ըլլան կողմերէն իւրաքանչիւրին համար: Ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններուն համահունչ` Մոսկուան յաջողութեամբ հարթակ տրամադրած է խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին շուրջ բանակցութիւններու համար: Կրկին կը շեշտեմ, որ մենք պատրաստ ենք ատիկա ապագային ընել: Մենք կ՛երաշխաւորենք երկու պատուիրակութիւններու աշխատանքին համար առաւել յարմարաւէտ պայմաններու ստեղծումը իրենց նախընտրած երկկողմ ձեւաչափով», ըսած է Քոփիրքին:

Ռուսիոյ դեսպանը աւելցուցած է, որ Մոսկուայի երկու դաշնակիցներուն միջեւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը Ռուսիան կը համարէ կը նկատէ անբաժանելի անվտանգութեան եւ կայուն ընկերային-տնտեսական զարգացման ճարտարապետութեան կառուցման անփոխարինելի նախապայման:

«Մենք յոյս ունինք, որ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները շուտափոյթ լուծում  ստանան եւ յաջող յառաջընթաց բերեն հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման այլ ոլորտներու մէջ` բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւններուն համապատասխան», եզրափակած է ան:

Պատասխանելով Սիւնիքի մարզին ճամբով Ազրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան երթուղիի ստեղծման մասին հարցումին` դեսպան Քոփիրքին յայտնած է. «Ռուսիան հանդէս կու գայ ոչ թէ իբրեւ որեւէ որոշակի երթուղիի ստեղծման, այլ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ամբողջական ապաշրջափակման կողմնակից»:

«Ճիշդ անով զբաղած է 2021 թուականին Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն որոշումով ստեղծուած Եռակողմ աշխատանքային խումբը` երեք երկիրներու փոխվարչապետներու միացեալ նախագահութեամբ», ըսած է Քոփիրքին:

Դեսպանին համաձայն, եռակողմ աշխատանքային խումբը իրականացուցած է կշռութաւոր աշխատանք եւ հասած զգալի արդիւնքներու: Խումբի յունիս 2023-ի 12-րդ նիստին ընդհանուր փոխըմբռնում ձեռք բերուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման եւ կազմակերպման շուրջ:

«Մենք գրեթէ հասած էինք համապարփակ, հաւասարակշռուած համաձայնութեան: Ցաւօք, հոլովոյթը, ոչ մեր մեղքով, կանգ առած է: «Հաւաքական Արեւմուտք»-ի ճնշումին տակ Երեւանը որոշած է սառեցնել եռակողմ համագործակցութիւնը նաեւ այս ուղղութեամբ:

«Մենք անհրաժեշտ կը նկատենք կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսիլ եռակողմ աշխատանքային խումբի լիարժէք աշխատանքը` ոչ միայն հարաւային Կովկասի փոխադրամիջոցային եւ կապի համակարգը ապաշրջափակելու, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում հաստատելու համար», եզրափակած է ան:

Անդրադառնալով ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն` Ռուսիոյ դեսպանը նշած է. «Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ քաղաքական առումով որոշակի դժուարութիւններ կան»:

«Մեր նախաձեռնութեամբ չէ, որ նուազած է Ռուսիա-Հայաստանի Հանրապետութիւն միջգերատեսչական հաղորդակցութիւններու ընթացքը, ներառեալ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ մեր երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններուն միջոցով», ընդգծած է ան:

Քոփիրքինի համաձայն, Արեւմուտքը բացայայտ ճնշում կը գործադրէ` փորձելով Երեւանին ստիպել նուազագոյնի հասցնել եւ ամէն ձեւով սահմանափակել Ռուսիոյ հետ կապերը:

«Հակառակ ատոր, մենք կը շարունակենք մեկնիլ անկէ, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու պահպանումն ու խորացումը կը համապատասխանէ երկու երկիրներու իրական, հիմնարար շահերուն: Մենք կ՛ընդգծենք Հայաստանի իշխանութիւններու հրապարակաւ բարձրաձայնուած մտադրութիւնը` աշխատելու խնդրայարոյց հարցերու վերացման ուղղութեամբ: Մենք կը սպասենք, որ ասիկա գործնականին մէջ իրականացուի: Մեր կողմէ անոր պատրաստ ենք», ըսած է դեսպանը:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Ընդհանուր Դատախազը Յայտնած Է, Թէ Բռնագրաւուած Արցախի Նախկին Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Գործերը Յառաջիկային Պիտի Ուղարկուին Դատարան

Յաջորդը

Ակնարկ. Անգարայի Ուղետոմսերը Դէպի Դամասկոս Եւ Գահիրէ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.