Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ կամ անկէ առաջ գերիներու փոխանակման նոր գործարք մը կրնայ հրապարակուիլ` նշելով, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարութիւներն ու Ֆիլատելֆիա առանցքին կառչիլը միջնորդ կողմերը դժուար կացութեան մատնեցին:
Ամերիկացի պաշտօնատարը ըսաւ, որ գործարքին վերաբերեալ նոր առաջարկին նպատակը տարակարծութեան գլխաւոր կէտերը լուծելն է` նշելով, որ բանակցողները կը փորձեն լուծել գլխաւոր խոչընդոտները` Ֆիլատելֆիա առանցքի եւ փոխանակման մէջ ներառուած գերիներու ցուցակի խնդիրները, մինչ Կազայի պատերազմը այսօր մուտք կը գործէ իր 336-րդ օրը:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը «Ռոյթըրզ»-ին աւելցուցած է, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւն մը յայտնած է, թէ Իսրայէլ պատրաստ է 42 օր տեւողութեամբ առաջին փուլէն ետք Ֆիլատելֆիա առանցքէն հեռանալու:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ Քաթարի մէջ միջնորդներուն յայտնած են, թէ իսրայէլեան բանակի Ֆիլատելֆիա առանցքէն ամբողջական հեռացումը զինադադարի հաստատման երկրորդ փուլին տեղի պիտի ունենայ:
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը երէկ գրեց. «Կազայէն աստիճանական հեռացումը, որ կարգ մը գերիներու ազատ արձակման կը յանգեցնէ, լաւագոյն ընտրանքն է»:
Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Կազայի մէջ պահուող ամերիկացի գերիներու ընտանիքները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընին կոչ ուղղած են` Համասի հետ առանձին գործարք մը կնքելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Իսրայէլ իրաւունք ունի Այսրյորդանանի մէջ զինեալները թիրախաւորող արշաւ շղթայազերծելու, սակայն պէտք է յարգէ միջազգային օրէնքը»:
«Իսրայէլացիներուն յստակ դարձուցինք, թէ Այսրյորդանանի մէջ իրենց գործողութիւնները պէտք է զինեալները թիրախաւորեն, այլապէս եղածը հաւաքական պատիժ կ՛ըլլայ», աւելցուց նախարարութիւնը:


