Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիտան. «Եւրոպական Միութեան Հետ Մեր Յարաբերութիւններու Բարելաւումը Պէտք Չէ Կիպրական Խնդիրին Կապել»

August 31, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական ժողովին մասնակցելէ ետք յայտնեց. «Ժողովը կարեւոր էր վերակենդանացնելու համար Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները»: Ան նաեւ նշեց. «Եւրոպական կողմը որոշ ատենէ ի վեր Թուրքիան այս ժողովներուն չէր հրաւիրեր, ուստի Թուրքիա ժողովին հրաւիրելը դրական զարգացում է»:

«Ժողովը մանրամասն կերպով քննարկեց Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու յառաջ մղման կարելիութիւնները եւ գործակցութեան տեսակը, որ շրջանային ու միջազգային հարցերու շուրջ կարելի է զարգացնել երկու կողմերուն միջեւ», ըսաւ Ֆիտան` աւելցնելով. «Եւրոպական Միութեան մէջ բոլոր պաշտօնակիցներս յայտնեցին, որ Թուրքիոյ հետ կանոնաւոր երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները պէտք է շարունակուին բոլոր ոլորտներուն մէջ, մասնաւորաբար արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան քաղաքականութիւններու ոլորտներուն մէջ»:

«Անոնք նաեւ ըսին, որ Թուրքիան կարեւոր դեր խաղաց ռուս-ուքրանական պատերազմին, Կազայի, Սուրիոյ, Իրաքի, Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի, Հարաւային Կովկասի պատերազմին մէջ: Եւրոպացի արտաքին գործոց նախարարները նաեւ անդրադարձան Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ սերտ ու խոր խորհրդակցութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ միացեալ հասարակաց քաղաքականութեան ստեղծման», ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

«Նախ եւ առաջ պէտք է վերականգնել 2019-ին փակուած երկխօսութեան մեքանիզմները, եւ մաքսային միութեան արդիականացման վերաբերեալ մեր ձգտումները տակաւին ի զօրու են», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Թուրքիոյ համար առաջնահերթ հարցերէն մէկը Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացումն է»:

«Կը կարծենք, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը ի շահ բոլորին է, սակայն յայտնեցինք, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները կիպրական խնդիրին կապելը ճիշդ ձեւ չէ եւ որեւէ արդիւնք պիտի չտայ», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

 

Նախորդը

Ռուսիան Լիակատար Կերպով Կ՛աջակցի Ազրպէյճանի` ՊՐԻՔՍ-ին Անդամակցութեան

Յաջորդը

Ըստ «Սի. Էն. Էն. Թիւրք»-ի. Թուրքիան Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Կարգաւորման Համար 4 Պայման Նշած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.