Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորել. «Այսրյորդանանի Մէջ Իսրայէլեան Գործողութիւնը Կազայի Պատերազմը Ընդլայնելու Նախերգանք Պէտք Չէ Ըլլայ»

August 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան գործողութիւնը պէտք չէ Կազայի պատերազմը ընդլայնելու նախերգանք ըլլայ»:

«Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի պաղեստինցիները հեռացնելու գաղափարը կը սպառնայ աւելցնել կայունութեան քայքայման սպառնալիքը», նշեց Պորել:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարած էր, որ Այսրյորդանանի Ժենին եւ Թուլքարմ շրջաններուն մէջ զինեալներու դէմ լայնածաւալ գործողութիւն շղթայազերծած է: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, գործողութիւնը օրեր պիտի տեւէ:

Իսրայէլեան «Եիսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իսրայէլեան ուժերու Այսրյորդանանի հիւսիսը գտնուող գաղթակայաններ ժամանումով դժուար ու ծանր բախումներ յառաջացան»:

Պաղեստինեան Իսլամական Ժիհատ շարժումի զինեալ թեւ Սարայա Քուտսի Թուլքարմի զօրամասը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ իր զինեալները յաջողած են  Նապլուս թաղի ճակատին վրայ ուժգին պայթող ական մը պայթեցնել իսրայէլեան զինուորական պուլտոզըրի մը դէմ` ուղղակի վնաս հասցնելով անոր անձնակազմին եւ զայն անգործածելի դարձնելով:

Անոնք նաեւ վար առած են անօդաչու թռչող սարք մը եւ թիրախաւորած Նոր Շամս գաղթակայանին մէջ իսրայէլացի արձակազէնները:

Սարայա Քուտս հաղորդեց, որ Ժենինի արեւմուտքը գտնուող ճակատին վրայ բուռն կռիւներ կը մղէ իսրայէլեան ուժերուն դէմ:

 

 

Նախորդը

Սեժուռնէ. «Կը Զօրակցինք Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի Եւ Եգիպտոսի Ղեկավարած Միջնորդութեան»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.