Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային Ցանցերու, Ընկերային Հարցերու, Պետական Կառոյցներու Դերակատարութեան, Ծնողներու Պարտականութիւններուն Եւ Պատանիներու Դաստիրակութեան Մասին Զեկուցում-Զրոյց

August 27, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախազգուշական աշխատանքներու շրջագիծին մէջ եւ ծնողք-պատանեկան միութիւններ կապերը ամրապնդելու նպատակով, գործակցութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, շաբաթ, 3 օգոստոս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երէց եւ կրտսեր պատանիներու ու ծնողներու զեկուցում-զրոյց հանդիպում մը, որուն նիւթն էր «Ընկերային ցանցերը (գլխաւորաբար TikTok-ը), ընկերային հարցերը, պետական կառոյցներու դերակատարութիւնը, ծնողներու պարտականութիւները եւ պատանիներուն դաստիարակութիւնը»:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի ատենապետ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան յայտնեց, որ ծնողական հանդիպումները կարեւոր են, եւ յառաջիկային պարբերական դրութեամբ միութիւնները առանձնաբար թէ հաւաքաբար պիտի ունենան նմանօրինակ հաւաքներ, որպէսզի հաւաքաբար քննեն միջավայրը յուզող եւ պատանիներու զարգացման նպաստող նիւթեր:

Ապա օրուան զեկուցումը ներկայացուց Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան ներքին ապահովութեան ուժերու նշեալ բաժանմունքի ներկայացուցիչ-զեկուցաբեր Գէորգ Տեքերմենճեան, որ անդրադարձաւ ընկերային ցանցերու ճամբով փոխանցուած-պատահած ոճիրներու մասին, շեշտելով որ ծնողներուն զգուշութիւնը, նախապատրաստուածութիւնը եւ զաւակներու ճիշդ դաստիարակութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունին` հեռու մնալու եւ կամ կանխելու դէպքերն ու հարցերը:

Տեքերմենճեան յայտնեց, որ Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնեն ընկերային ցանցերու վրայ օրէնքները խախտողները պատասխանատուութեան կանչելու եւ հարկ եղած տնօրինումներու կատարելու համար:  Ան ըսաւ, որ որեւէ հարցի պարագային ծնողը պէտք չէ ծածկէ պատահածը, այլ անմիջապէս դիմէ համապատասխան բաժանմունքներուն, որպէսզի նախ գիտնայ կացութիւնը, յետոյ կատարուի ստուգումը, եւ ապա հետապնդուի թղթածրարը: Ընկերային ցանցերը ապահով ձեւով գործածելու վերաբերեալ գործնական ցուցմունքներ տալէ ետք, Տեքերմենճեան կոչ ուղղեց ծնողներուն` մօտէն հետեւելու հեռաձայններու գործածութեան եւ ունենալու փոքրերու յատուկ սահմանափակումներու հեռաձայնային ծրագիրները, որոնք կրնան առաջքը առնել շարք մը խնդիրներու: Այս բոլորին կողքին, զեկուցաբերը ըսաւ, որ պատանիները պէտք է սկիզբէն ծանօթանան վտանգներուն, որպէսզի նմանատիպ կացութիւններու մէջ գիտնան, թէ ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն եւ ո՛ւր պիտի դիմեն:

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ, որ ներկաները հարցումներու ճամբով յայտնեն իրենց տեսակէտները եւ ստանան յաւելեալ լուսաբանութիւններ:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը Հաճելին Եւ Օգտակարը Համադրող Ողջունելի Ծրագիրով Իր Երդիքին Տակ Համախմբեց 40 Երեխաներ

Յաջորդը

Արցախեան Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի Յիշատակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.