Անգլիոյ մէջ, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ կը շարունակեն անցեալ տարուան կէտ հաւաքելու ընթացքը, եւ Սիթի 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Իփսուիչը, մինչ Արսենալ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ասթոն Վիլայի դաշտէն:
Գերմանիոյ մէջ սկսաւ «Պունտըսլիկա»-ն, եւ ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն իր կարգին շարունակեց իր յաղթական ընթացքը: Անցեալ տարուան անյաղթ խումբը 2-0 արդիւնքով կը յաղթէր Մէօնշընկլատպախի դաշտին վրայ առաջին կիսախաղին: Բ. կիսախաղին Մէօնշընկլատպախ 85-րդ վայրկեանին հաւասարեցաւ, սակայն Լեւերքուզըն 100-րդ վայրկեանին շահեցաւ կասկածելի փենալթի մը, որ չկրցաւ կոլի վերածել Ֆլորիան Վիրցը, բայց անոր զսպուած գնդակը վերադարձաւ իրեն, եւ ան նշանակեց 3-րդ կոլը:
Անցեալ տարուան փոխախոյեան Շթութկարթ 3-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Ֆրայպուրկի դաշտին վրայ:
Ֆրանսայի մէջ, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, Լիլ, Մոնաքօ եւ Լանս իրենց առաջին երկու մրցումներն ալ յաղթանակներով սկսան:
Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա եւ Սելթա Վիկօ միակ խումբերն են, որոնք 6-ական կէտեր ունին 2 մրցումներէ ետք:
Իտալիոյ մէջ, ախոյեան Ինթեր Միլան բախտի բերմամբ առաջին մրցումը հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք կրցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լեչէի: Ա. Սէ. Միլան Թորինոյի հետ հաւասարելէ ետք առաջին մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փարմայէն:
Վաղուան մեր թիւով կ՛անդրադառնանք կարեւոր 5 եւրոպական ախոյեանութիւններուն` յաւելեալ մանրամասնութեամբ:


