Ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտարարեց. «Քարիւղով բեռցուած նաւը, որ Ալճերիայէն ճամբայ ելաւ Լիբանան կը հասնի երկուշաբթի, 26 օգոստոսին»:
Ան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ նախարարութիւնը նաւուն բեռէն օրինակ մը առած է եւ զայն «Ի.Էյչ.Էլ.»-ի միջոցով ուղարկած Տուպայ, ուր պիտի քննուի, եւ եթէ անիկա պէտք եղած արժեչափերուն կը համապատասխանէ, քաղաքացին 27 օգոստոսէն սկսեալ պիտի սկսի ելեկտրականութեան մատակարարման աստիճանական բարելաւում զգալ:
Ինչ կը վերաբերի բաց պատերազմի բեմագրութիւններուն, Ֆայեատ յայտնեց. «Կարգ մը կառավարական հիւանդանոցները իրենց ելեկտրականութիւնը ուղղակի կերպով Ելեկտրականութեան ընկերութեան կողմէ կը ստանան, եւ եթէ որեւէ արտակարգ բան պատահի, կարգ մը հիւանդանոցներու մէջ, ըստ անոնց դիրքին, կարելի է վստահիլ ջրելեկտրականութեան ցանցին»:
«Բոլոր շրջաններուն մէջ տարածուած ելեկտրական շարժակներու համակարգն ու արեւի ուժով ելեկտրականութեան մատակարարումը կրնան ուժանիւթի տագնապէն որոշ չափով պաշտպանութիւն ապահովել, եթէ սիոնական թշնամին թիրախաւորէ ելեկտրականութեան ցանցը:
«Լիբանան մէկ կամ աւելի ամիսներու արտակարգ կարիքներու բաւարարման համար բաւարար վառելանիւթ ունի, մասնաւորաբար հիւանդատար մեքենաներու, հիւանդանոցներու եւ ջուրի մղման ապահովման համար», ըսաւ Ֆայեատ:


