Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտը հերքած է իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան հրապարակումը` Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի կործանման պատճառներուն մասին: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Ֆարս» գործակալութեան այն տեղեկութիւնը, թէ ուղղաթիռի կործանման գործօններէն մէկը եղած է յաւելեալ երկու ուղեւորներու գոյութիւնը, հակառակ անվտանգութեան արձանագրութիւններուն, ինչի պատճառով ուղղաթիռը բաւարար ուժ չէ ունեցած անհրաժեշտ բարձրութիւն ապահովելու համար, սուտ է», նշուած է սպայակոյտի հաղորդագրութեան մէջ:
«Ֆարս» հաղորդած էր, որ ուղղաթիռի կործանման պատճառները եղանակային պայմաններն էին, եւ որ ուղեւորներու թիւը գերազանցած էր սահմանաչափը, ուղղաթիռը չէ կրցած անհրաժեշտ բարձրութեան բարձրանալ եւ մառախլապատ պայմաններու մէջ բախած է լերան:
Յիշեցնենք, որ 19 մայիսին նախագահ Ռայիսին, արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահիանը եւ տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները տեղափոխող ուղղաթիռը «կոշտ էջք» կատարած էր Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգին մէջ, այդ պատճառով ալ ուղղաթիռի անձնակազմն ու բոլոր ուղեւորները մահացած էին:


