Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բռնցքամարտ. Մայք Թայսըն Պիտի Վերադառնայ

August 22, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

58 տարեկան Մայք Թայսըն, որ 1986-էն 1990 կը նկատուէր բռնցքամարտի ծանր կշիռի ամէնէն զօրաւոր մարզիկը, պիտի վերադառնայ բռնցքամարտի բեմ` 15 նոյեմբերին, Տալաս Քաուպոյզի Արլինկթընի դաշտին վրայ, Թեքսաս:

Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ 27 տարեկան Ճէյք Փոլ, որ Եութիուպի տեսանիւթեր կը պատրաստէ, դերասան է եւ միեւնոյն ժամանակ ալ բռնցքամարտիկ:

Թայսըն, որ ժամանակին կը նկատուէր աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր մարդը, ինքզինք վտանգաւոր դիրքի առջեւ պիտի դնէ վերստին վերադառնալով «ռինկ»:

Ան պատրաստ էր անմիջապէս պատասխանելու հարցումի մը, թէ ի՞նչ ըսելով կը վերադառնայ… «Որովհետեւ կրնամ… Ինձմէ զատ ո՞վ կրնայ վերադառնալ այս տարիքին…

Իրականութեան առջեւ պէտք է գանք… Եութիուպըր մը կը մրցի պատմութեան ամէնէն լաւ բռնցքամարտիկին դէմ»:

Թայսըն 20 յուլիսին պիտի մրցէր Փոլի դէմ, սակայն օդանաւով ճամբորդելէ ետք Մայեմիէն Լոս Անճելըս, մայիսին անհանգիստ զգացած էր ստամոքսի հարցեր ունենալով:

Կիրակի օր Թայսըն յայտնեց, թէ այժմ շատ լաւ է եւ երկու-երեք շաբաթէ ի վեր վերադարձած է փորձերու…: «Մտիկ ըրէ՛. պատրաստ եմ ես», ըսաւ Թայսըն Փոլին:

Թայսըն աշխարհի ախոյեանն էր 1987-էն 1990, 58 մրցումներ կատարած է, 50 յաղթանակ տարած (44-ը` նաք-աութով), կրած է 6 պարտութիւններ եւ 2 մրցումներ հաւասարութեամբ աւարտած: Փոլ 11 մրցումներ կատարած է, 10 յաղթանակով տարած (7-ն` նաք-աութով) եւ կրած 1 պարտութիւն:

«Հէ՜յ, Նիւ Եորք, դուք Մայք Թայսընի կը նմանիք… 20 տարի առաջ լաւ էիք», ըսաւ Փոլ, երբ հանդիպումի մը հանդիսատեսներու ներկայութեան լաւ ընդունելութեան չարժանացաւ:

Թայսընի լաւ օրերը վստահաբար 20 տարիներէ աւելի առաջ աւարտած էին, եւ Փոլ գիտէ, թէ շատ բան պիտի չփոխէ, նոյնիսկ եթէ յաղթէ Թայսընի: Հակառակ անոր, Փոլ կը կարծէ, թէ փորձառութիւն կրնայ շահիլ այս մրցումով եւ ապագային կրնայ դառնալ ախոյեան:

«Մեծ ժամանակներ» մեծ ճնշում մեծ հանգրուաններ, լաւագոյններէն մէկը, որ կատարած է եւ յաջողած, ինձմէ շատ աւելի մրցումներ, աւելի փորձառութիւն, շատ բան պիտի սորվիմ մրցումէն: Ասիկա պիտի օգնէ իմ ապագայ նպատակներուս իրագործման»:

Թայսընի առաջին մրցումին յետաձգուելէն ետք, ան մրցում մը կատարած էր առանց ձեռնոցի ախոյեան Մայք Փերիի դէմ եւ յաղթած 6-րդ ռաունտին (20 յուլիսին): Փոլի գրեթէ բոլոր մրցակիցները զուտ բռնցքամարտիկ չեն եղած, այլ տարբեր ձեւի խաղաձեւի մարզիկներ:

«Ես նախապէս պատրաստ էի, դուն կարճ դադար մը ուզեցիր… ստամոքսի ցաւ ունի՞ս տակաւին»:

Մրցումը պիտի հրապարակուի Նեթֆլիքսի վրայ, եւ տեղի պիտի ունենայ 2 վայրկեան տեւողութեամբ 8 ռաունտերով:

Այս մրցումէն առաջ տեղի պիտի ունենայ աղջկանց թեթեւ կշիռի ախոյեան Քէյթի Թէյլըրի եւ Ամանտա Սերրանոյի միջեւ մրցումը: 2022-ին Թէյլըր անակնկալի բերած էր Սերրանոն, եւ այս մրցումը կրնայ վրէժի մրցում մը ըլլալ Սիրրանոյի համար:

Այս մրցումէն ետք, Փոլ պիտի փորձէ ցոյց տալ, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ բռնցքամարտի մէջ ընել, կամ թերեւս Թայսըն կրնայ ցոյց տալ, թէ ժամանակին ի՛նչ էր: Ան յայտնեց, թէ առողջական հարցերը չեն կրնար իրեն ետ պահել:

«Պզտիկ հարց մըն էր, հիւանդացայ, բայց հիմա աւելի լաւ եմ… շատ լաւ կը զգամ», ըսաւ Թայսըն:

Նախորդը

Քիմիչ Գերմանիոյ Ազգային Խումբի Խմբապետ

Յաջորդը

Վահան Պիչախչեան Հրաւիրուեցաւ Ազգային Խումբ

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.