Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Հայ Ընտանիքը Եւ Ազգը» Նիւթով Դասախօսութիւն

August 22, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 14 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Արագած ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հայ առաքելական եկեղեցին, հայ ընտանիքը եւ ազգը» նիւթով:

Օրուան նիւթը ներկայացուց Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` որպէս հիմնական բնաբան ունենալով  Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Առանց ընտանիքի` ո՛չ ազգ եւ ո՛չ ալ կրօն կրնայ գոյութիւն ունենալ»:

Հայր սուրբը խօսեցաւ հայ ընտանիքի կարեւորութեան մասին` շեշտելով, որ հայ ընտանիքը կարեւորագոյն ազդակներէն մէկն է` պահելու մեր կրօնը եւ մեր ազգը ընդհանրապէս: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ մերօրեայ բազում մարտահրաւէրներուն դիմաց, համաշխարհայնացման ալիքի վտանգներով լեցուն ժամանակաշրջանին, երբ արտաքին ճնշումները այնքան շատ են, երբեմն կը սկսինք նոյնիսկ կասկած ունենալ հայ ընտանիքի` իբրեւ հայկական օճախ գոյութեան եւ յարատեւման վրայ, որովհետեւ առկայ պայմանները մեզ աւելի դէպի օտարութիւն կը տանին` մեր ընտանիքի կամ ազգի պահպանութեան փոխարէն:

Այս բոլորին լոյսին տակ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան անդրադարձաւ ընտանիքի սրբութեան եւ հաւատքին կարեւորութեան` նկատել տալով, որ առօրեայ մեր տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն պատճառով տան մէջ մեր ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամը առանձին կեանք մը կ՛ապրի, տան մէջ միասնականութիւնը սկսած է նահանջել, մինչդեռ մենք` իբրեւ հայ ազգ, նախ մեր ընտանիքը կը կազմենք միասնականութեամբ, այսինքն` մենք իբրեւ ծնողք եւ զաւակ, ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի ընտանիքը մնայ միակամ, զօրաւոր, նոյնիսկ եթէ տարակարծութիւններ ըլլան, անհրաժեշտ է պայքարիլ զանոնք յաղթահարելու համար: Հայր սուրբը շեշտեց, որ մեր ընտանիքներուն մէջ նուազած են` ընտանեկան սրբութիւնը, աղօթքը, իրարու  հետ խօսելու քաղցրութիւնը, որովհետեւ ներկայ աշխարհը մեքենայականացած է, եւ այդ մեքենաները` բջիջայինէն սկսեալ, մեզ կը հեռացնեն տան մէջ իրարու հետ հաղորդակցութիւն ունենալէ:

Ապա ան կեդրոնացաւ մեր ազգի կարեւորութեան վրայ, դիտել տուաւ, թէ չի բաւեր միայն ըսել, որ մենք քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունած առաջին ազգն ենք: Քրիստոնէութիւնը պարզապէս պիտակ մը չէ, այլ մեր մորթի գոյնն է, եւ բառերով չենք կրնար քրիստոնեայ ըլլալ: «Քրիստոնեայ ըլլալ` կը նշանակէ ապրիլ քրիստոնէութիւնը: Քրիստոնէութիւն-ազգ-հայրենիք չենք կրնար անջատել իրարմէ, որովհետեւ անոնք մէկ են: Մենք` որպէս հայ ժողովուրդ, ունինք դիմագիծ մը, որ կը պարունակէ թէ՛ ազգը, թէ՛ կրօնը, թէ՛ հայրենիքը, եւ ասոնք անջատ չեն, այլ անբաժան մասնիկներ են», հաստատեց պատգամաբեր հայր սուրբը` բացատրելով, որ հայ ըլլալ` կը նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ, քրիստոնեայ ըլլալ` կը նշանակէ ազգային մարդ ըլլալ, ազգային մարդ ըլլալ` կը նշանակէ կապուածութիւն ունենալ` հողին, հայրենիքին, ընտանիքին, եկեղեցիին եւ հաւատքին: Ան խօսեցաւ նաեւ մեր զաւակներու  դաստիարակութեան մասին եւ հաստատեց, որ անիկա պէտք չէ հիմնուի միայն դպրոցին վրայ ու դրուի անոր ուսերուն, այլ իւրաքանչիւր ծնող ինք եւս պարտականութիւնը պէտք է ունենայ այսօր իր  զաւակները դաստիարակելու, թերեւս` նախորդ ժամանակներէն շատ աւելի, որովհետեւ այսօր ծնողը մեծ պարտականութիւն ունի հսկելու իր զաւակին առօրեային, ընկերներուն եւ զբաղումներուն, որպէսզի մենք կարենանք մեր իսկական հայու դիմագիծը պահել այսօրուան մեր կեանքին մէջ: Անդրադառնալով հայրենիքին` Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան շեշտեց, որ մեզի համար` որպէս սփիւռքահայութեան, հայրենիքը առաջնահերթութիւն է, սրբութիւն է, երազ է, կեանք է: Եզրափակելով իր խօսքը` ան շեշտը դրաւ մեր թաղային ակումբներուն կարեւորութեան վրայ եւ յայտնեց, որ սոյն նախաձեռնութիւնը  կը միտի, կուսակցականի եւ ազգայինի կողքին, նաեւ հոգեւորը ներառել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ քիչ մը նահանջի մէջ ենք: Ան ըսաւ, որ եկեղեցի յաճախելը դարձած է միայն թաղման կամ տաղաւարի տօներու տեղ, իսկ երիտասարդներուն ներկայութիւնը քիչ է, որովհետեւ անոնք ընդհանրապէս իրենց հետաքրքրութիւնը կը գտնեն եկեղեցիէն դուրս: Առ այդ, ան  շեշտեց, որ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը պէտք է աւելի ուժեղ ըլլայ մեր  կեանքին մէջ, եւ աղօթքի հասկացողութիւնը պէտք է աւելի կայուն ըլլայ:

Նախորդը

Ինքնարդարացումի Մեղքը

Յաջորդը

Ֆիլ Ֆոտըն Եւ Քոլ Փալմըր Շահեցան Լաւագոյն Մարզիկի Տիտղոսները

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.